Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Շարունակեց Իր Բաց Գործադուլը
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ երկրորդ օրն ըլլալով շարունակեց իր յայտարարած բաց գործադուլը` Պէյրութի եւ լիբանանեան այլ շրջաններուն մէջ, պահանջելով պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը փոխանցել խորհրդարան:
Խորհուրդը իր հազարաւոր համակիրներով նստացոյց մը կատարեց Յաւելուած արժէքի տուրքի կեդրոնին դիմաց:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ անկարելի է ընդունիլ յաւելուած արժէքի տուրքին յաւելումը` առանց ամբողջութեամբ կատարելու իրենց պահանջները:
Ղարիպ յայտնեց, որ պետական քննութիւններուն թուականը պիտի յետաձգուի այնքան, որքան պիտի տեւէ գործադուլը:
Ղարիպ կոչ ուղղեց այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին հաւաքուելու կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան դիմաց` աւելցնելով, որ այլ նախարարութիւններու եւ 27 սերայներու մէջ վարչական աշխատանքները պիտի շարունակեն կասեցուիլ:
Սեփական վարժարաններու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ բոլոր նախարարութիւններուն, պետական հաստատութիւններուն եւ դպրոցներուն մէջ խորհուրդը պիտի ունենայ իր ներկայացուցիչները, որոնք պիտի հսկեն բաց գործադուլի գործադրութեան:
Նշենք, որ բաց գործադուլը գործադրուեցաւ նաեւ Պաալպեքի, Շուֆի, Սայտայի եւ Նապաթիէի մէջ: