Միքաթի Ուիլիըմ Հէյկի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Հէյկ եւ Միքաթի

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ երէկ ժամանեց Պէյրութ, ուր դիմաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրի կողմէ:

Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Հէյկ անմիջապէս ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Հէյկ Բրիտանիոյ զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան` հաստատելով երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Հէյկ ողջունեց նաեւ Լիբանանի կողմէ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ ցուցաբերուած չէզոք քաղաքականութիւնը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ կատարած իր ճռուողիւնին մէջ յայտնեց, որ ինք կառչած կը մնայ կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրինագիծին` աւելցնելով, որ ինք առաջին օրէն իսկ վերապահութիւն յայտնած է Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին նկատմամբ:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ինք կը փափաքի յանգիլ ընտրական այնպիսի օրինագիծի մը, որ լիբանանցիներուն համարկումը կ՛ապահովէ եւ ոչ թէ կը բաժնէ զանոնք:

 

Share this Article
CATEGORIES