Կառավարութիւնը Կը Քննարկէ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեանց Մանրամասնութիւններուն Թղթածրարը Եւ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւնները

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցաւ երկրին մէջ տիրող իրավիճակը:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 24 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, սակայն օրակարգէ դուրս իրենք զիրենք պարտադրեցին հեռաձայնային հաղորդակցութեանց մանրամասնութիւններուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները:

Նախարարներ Հիւսէյն Հաժ Հասան, Ժըպրան Պասիլ, Սելիմ Ժրայսաթի եւ Սելիմ Քարամ մերժեցին ապահովական կառոյցներուն յանձնել հեռաձայնային հաղորդակցութեանց բոլոր մանրամասնութիւնները, սակայն նախարարաց խորհուրդին որոշումով վարչապետ Միքաթիի իրաւունք տրուեցաւ 15 յունուար 2013-էն մինչեւ 31 մայիս 2013 որոշել, թէ հեռաձայնային հաղորդակցութեանց մանրամասնութիւնները ինչպէ՛ս պէտք է փոխանցուին ապահովական կառոյցներուն:

Կառավարութեան նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ այդ հարցով կառավարութիւնը պահանջեց, որ ներքին գործոց նախարարը կամ պաշտպանութեան նախարարը գրաւոր պահանջ մը ներկայացնեն վարչապետին, որ իր կարգին կը սերտէ այդ պահանջը եւ կ՛արտօնէ հեռաձայնային հաղորդակցութեանց մանրամասնութիւնները փոխանցել ապահովական կառոյցին, թէ չէ:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման ընդգծեց «Պաապտայի յայտարարութեան» կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին դէմ ծաղրանկարներու երեւոյթը եւ զանոնք մերժելի նկատեց:

Նախագահ Սլէյման արդարութեան նախարարութենէն պահանջեց հետապնդել յանցագործները եւ անոնց դէմ պատիժներ արձակել:

Անդրադառնալով Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին յայտարարած բաց գործադուլին` նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ գործադուլ կատարելով կարելի չ՛ըլլար այդ հարցին լուծումը ապահովել:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն փոխանցեց, թէ Լիբանան կտրականապէս կը մերժէ արաբ ղեկավարներուն եւ թագաւորներուն վարկաբեկումը:

Իր կարգին, Ասիրի շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի կեցուածքին համար եւ ողջունեց անոր կողմէ յանցագործները պատժելու պատրաստակամութիւնը` ընդգծելով, որ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները կը մնան կանգուն եւ հեզասահ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )