«Տարիներու Կուտակումները, Իրաւազրկումն Ու Անարդարութիւնը Պատճառ Դարձան Ուղղափառ Հանդիպումի Օրինագիծին Մշակումին» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին կողմէ այդ անունով կոչուող ընտրական օրինագիծին մշակումին պատճառը լիբանանեան ազգային համերաշխութեան եւ ազգային համարկումի պարագային հաւասարակշռութեան խախտումն է:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ իսկական հաւասարութիւնն է, որ կ՛երաշխաւորէ ազգային միասնականութիւնն ու գործակցութիւնը:
«Տարիներու կուտակումները, իրաւազրկումն ու անարդարութիւնը պատճառ են Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական այս օրինագիծին», ըսաւ երեսփոխան Յ. Բագրատունի:
Ան բնաւ զարմանք չյայտնեց Մուսթաքպալ պլոքին կողմէ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու որոշումին նկատմամբ ընդվզումին առումով եւ աւելցուց, որ եթէ կան լիբանանեան քաղաքական կողմեր, որոնք այս օրինագիծը իրաւազրկում կը նկատեն, «ապա անոնք պէտք է իմանան, որ 23 տարիէ ի վեր մենք իրաւազրկուած ենք եւ անոր գինը սուղ վճարած: Սակայն ի վերջոյ, Լիբանանի ազգային համերաշխութիւնը միայն քրիստոնեայ համայնքին զիջումներէն կախեալ չէ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին վաւերացումը բաւական բարդ պիտի ըլլայ, որովհետեւ արձանագրուած փոփոխութիւնը մեծ է եւ ո՛վ որ ինքզինք իրաւազրկուած եւ վնասուած կը նկատէ, բուռն կերպով պիտի ընդդիմանայ:
«Ես կը հաւատամ, որ միջքրիստոնէական առումով նուաճում մը արձանագրուած է, իսկ նկատի ունենալով Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին նկատմամբ ընդդիմութիւնը, կը մաղթեմ, որ լիբանանցի մեր գործակիցները ըմբռնում կը ցուցաբերեն այս իրականութեան հանդէպ», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: