Ըստ Ֆաթիհի Քաղաքապետին Սամաթիոյ Յարձակումները «Ազգայնական Ոճիրներ Չեն»

Մուսթաֆա Տեմիր

Պոլսոյ Ֆաթիհ շրջանի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տեմիր «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սամաթիոյ մէջ հայ տարեց կիներուն դէմ յարձակումներուն ազգայնական դրդապատճառներով ըլլալնուն «հաւանականութիւնը քիչ է»:

«Երբ այդ յարձակումներուն մասին կը խօսինք, պէտք է զգուշ ըլլանք: Կը նախընտրեմ խօսելէ առաջ սպասել», ըսաւ ան:

«Այդ յարձակումներուն բոլորին ընթացքին գողութիւն ալ եղած է, ուստի եթէ մանրամասնութիւններուն նայիս, անոնց ազգայնական ոճիրներ ըլլալու հաւանականութիւնը շատ քիչ է», աւելցուց ան, սակայն զօրակցեցաւ այս ամսուան սկիզբը այդ յարձակումներուն դէմ կատարուած բողոքի ցոյցերուն:

«Դէպքերուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու այդ հաւաքները կը հասկնամ: (Անտրէա) Սանթորօ վարդապետին, Հրանդ Տինքի կամ Զիրվէի սպանութիւններէն ետք հասարակութեան մէջ հակազդեցութիւն մը գոյութիւն ունի: Սակայն Տինքի սպանութենէն ետք գիտակցութիւնը իսկապէս բարձր եղաւ: Կը կարծեմ, որ (վերջին) յարձակումները պէտք չէ անցեալին պատահածներուն մակարդակին նկատուին»:

Տեմիր աւելցուց, որ քաղաքապետութիւնը կապի մէջ է ոստիկանատան հետ, որ չորս յարձակումներու համար մէկ կասկածեալ կը փնտռէ: Ան աւելցուց, որ հայերը Սամաթիոյ մէկ կարեւոր մասնիկն են եւ ինք կը յուսայ, որ «այս հարստութիւնը պիտի չկորսուի»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )