Աքրամ Այլիսլի Կը Պատրաստուի Հայտար Ալիեւի Յանցագործութիւններուն Մասին Գիրք Մը Հրատարակելու
Ազրպէյճանական contact.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ հայկական ջարդերու մասին «Քարէ երազներ» վէպի հեղինակ Աքրամ Այլիսլի կը պատրաստուի նաեւ Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի կատարած յանցագործութիւններուն մասին գիրք հրատարակելու:
Ազրպէյճանի մէջ որոշ մեկնաբաններ կարծիք յայտնած են, որ իշխանութիւններուն դժգոհութեան պատճառը թաքնուած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանգուցեալ հօր` Հայտար Ալիեւի մասին «ոչ այնքան սիրալիր» արտայայտութիւններու մէջ»: Հայտար Ալիեւին պաշտօնապէս կ՛երկրպագեն իբրեւ անկախ Ազրպէյճանի ճարտարապետ: Իսկ «Քարէ երազներ»-ուն մէջ Ազրպէյճանի հանգուցեալ «համաժողովրդային առաջնորդ»-ը, որ 20 տարի ղեկավարած է Ազրպէյճանի համայնավար կուսակցութիւնը, յիշատակուած է միայն իբրեւ «տէր»:
Ազրպէյճանի մէջ կը գտնեն, որ ծաւալուած գայթակղութիւնը կրնայ շարունակութիւն ունենալ: «Քարէ երազներ»-ը Այլիսլիի եռապատման երկրորդ մասն է, որուն առաջին մասը` «Եմեն»-ը հրատարակուած է 1990-ին: Եռապատման վերջին մասը, որուն աշխատանքային անուանումը «Վիթխարի խցանում» է, տակաւին պաշտօնապէս լոյս չէ տեսած, սակայն հեղինակը ձեռագիր քանի մը օրինակներ արդէն բաժնած է իր գործընկերներուն եւ բարեկամներուն` անոնց կարծիքները ստանալու համար:
Հեղինակը չէ ուզած քննարկել վէպին բովանդակութիւնը, սակայն կրկնած է, որ կը պատրաստուի զայն հրապարակելու: «ԵւրասիաՆեթ.օրկ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին վէպի նախնական բնագիրին ծանօթացած գրողներէն մէկը յայտնած է, որ հեղինակը այնտեղ կը պատմէ 1993-2003 տարիներուն Հայտար Ալիեւի նախագահութեան ժամանակաշրջանին Ազրպէյճանի մէջ կատարուած յանցագործութիւններու մասին:
«Ալիեւ աւագը բացայայտօրէն մերկացնող այդ վէպին հրատարակութիւնը Ազրպէյճանի համար կրնայ դառնալ խօսքի ազատութեան նկատմամբ հաւատարմութեան աւելի «դաժան փորձութիւն», քան` «Քարէ երազներ» վէպը, որովհետեւ ինչպէս ռուս գրող Պորիս Աքունինը նշած է. «Գրողի հետ պատերազմին մէջ պետութիւնը սկզբունքօրէն չի կրնար յաղթել», կը գրէ ազրպէյճանական կայքէջը:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ԵԱՀԿ-ի Պաքուի գրասենեակը եւ Եւրոպական Միութիւնը դատապարտած են Ազրպէյճանի մէջ Այլիսլիի դէմ շղթայազերծուած հալածանքները եւ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած են կատարելու անոր անվտանգութիւնը ապահովելու իրենց պարտաւորութիւնները: