Շփման Գիծին Վրայ Հայ Զինուոր Մը Զոհուած Է
Նախանցեալ օր հայկական եւ ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն մէկուն վրայ` հակառակորդի կողմէ արձակուած փամփուշտէն մահացու վէրք ստացաւ 21-ամեայ ժամկէտային զինուոր Գոռ Ղազարեան: Միջադէպին հետ կապուած մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը տարուի:
Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի կանուխ հաղորդած էր, որ 16-18 փետրուարին հակառակորդը աննախադէպ աշխուժութիւն դրսեւորած է շփման գիծի ամբողջ երկարութեամբ, ազրպէյճանական բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ ղարաբաղեան դիրքերու ուղղութեամբ արձակած են 1500-էն աւելի կրակոցներ:
CATEGORIES Հայկական
Հակահարուածը,
Կ’սպասենք մեր ուժերէն հակահարուած մը որ Քոչուոր Թուրք-Ազէրին լալով յայտարարէ իր կրած դժբախտութիւնը՝ ի պատասխան իր գործած ոճիրին.
Չարին դէմ՝ Ակն Ընդական
Այս ալ Կլինի,
Վահան Վանական