Րաֆֆի Յովհաննիսեան Սարգսեանը Ազատութեան Հրապարակ Հրաւիրեց` Կազմակերպելու Իշխանութեան Փոխանցման Արարողութիւնը

Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ, նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ դիրքը գրաւած Րաֆֆի Յովհաննիսեան երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին յայտարարեց, որ իր աջակիցներուն հետ պիտի մնայ հրապարակին վրայ եւ այսօր այդտեղ պիտի դիմաւորէ նախագահ Սերժ Սարգսեանը` կազմակերպելու իշխանութեան փոխանցման արարողութիւնը:

Ազատութեան հրապարակին վրայ այսօր նախատեսուած է իշխող հանրապետական կուսակցութեան հանրահաւաքը:

Տակաւին նախանցեալ օր Րաֆֆի Յովհաննիսեան նոյն հրապարակին վրայ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սերժ Սարգսեանին առաջարկած էր մինչեւ երէկ ժամը 17:00 հանդիպիլ իրեն հետ եւ ընդունիլ ժողովուրդին յաղթանակը: Անոր պատասխանելով` երէկ նախագահի բանբեր Արմէն Արզումանեան յայտարարած էր, որ Սերժ Սարգսեան «պատրաստ է ընդունիլ Յովհաննիսեանը իրեն յարմար ժամու», միաժամանակ ընդգծելով, որ կարիք կայ պարզութիւն մտցնելու հանդիպման նպատակին մասին «Յովհաննիսեանի հնչեցուցած բաւական անհասկնալի ձեւակերպումներուն մէջ»:

Րաֆֆի Յովհաննիսեան ամպիոնէն յայտնեց, որ այսօր իրենք պիտի դիմաւորեն Սերժ Սարգսեանը հրապարակին վրայ եւ իշխանութեան փոխանցման արարողութիւնը կատարեն: Ան նշեց, որ եթէ կան բանակցելու խնդիրներ, թիւրըմբռնումներ, փոխադարձ պահանջներ, ատիկա իրենք հրապարակաւ կը կատարեն: «Դժբախտաբար բանաւէճ չկատարուեցաւ, բայց եթէ բանավէճ կայ, կամ վերջապէս նախկին նախագահի քաղաքացիական, Սերժ Սարգսեանին յարիր տղամարդու խօսքը, ես կ՛ակնկալեմ, որ ինք կը զգայ: Առանց վերջնագիրի, ես կը սպասեմ իրեն այստեղ, որ գայ ձեր առջեւ: Կ՛ուզէ հարց ու պատասխան, կ՛ուզէ բանավէճ, եւ կ՛ուզեմ ընդունիլ ժողովուրդի յաղթանակը, մենք պիտի մնանք այստեղ մինչեւ Հայաստանի յաղթանակը»:

Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդը համոզում յայտնեց, որ ինք յաղթած է այս ընտրութիւններուն եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ մինչեւ յաղթանակ պայքարելու:

Ան ներողութիւն խնդրեց սեփական սխալներուն համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց համագործակցելու միւս քաղաքական ուժերուն հետ:

Յովհաննիսեանի կողքի բեմին վրայ կանգնեցան ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան, Քոնկրեսէն հեռացած Կարապետ Ռուբինեան:

Նիկոլ Փաշինեան ամպիոնէն իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց, որ Րաֆֆի Յովհաննիսեանն է 18 փետրուար 2013-ի ընտրութիւններուն ընթացքին ընտրուած նախագահը, բայց ժողովուրդին ձայնը, ինչպէս անցեալին, գողցուած է:

«Ի հեճուկս յոռետեսական կանխատեսումներուն 18 փետրուար 2013-ին Հայաստանի ժողովուրդը ընտրած է իր նախագահը, բայց ինչպէս կը սպասուէր, Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի հրապարակած պաշտօնական նախնական արդիւնքները չեն արտայայտեր ժողովուրդին ընտրութիւնը», իր ելոյթին մէջ ըսաւ Փաշինեան: «18 փետրուար 2013-ին քուէարկութիւնը ապացուցեց ակնյայտը` Հայաստանի մէջ հաստատուած է մենատիրական քաղաքական համակարգ, ուր իշխանութիւնները ընտրութիւն կը կատարեն ոչ թէ իշխանութիւն ձեւաւորելու, ժողովուրդի սահմանադրական իրաւունքը ապահովելու, այլ բացառապէս սեփական վերարտադրութեան նպատակով: Ժողովուրդը, սակայն, 2008 թուականի ընտրութիւններուն նման մերժեց այս տրամաբանութիւնը: Հայաստանի քաղաքացին 18 փետրուար 2013-ին Հայաստանի թիւով 1988 ընտրական տեղամասերուն մէջ իրականացուց յեղափոխութիւն, 30 վայրկեաննոց յեղափոխութիւն: Եւ այս խորապատկերին վրայ անհրաժեշտ կը նկատեմ ընդգծել, որ բոլոր այն ուժերը, որոնք շահագրգիռ են Հայաստանի մէջ օրինական իշխանութիւն հաստատելու գործին մէջ, պէտք է աջակցին այս հոլովոյթին»:

Փաշինեան միաժամանակ նշեց, որ իրադարձութիւններու զարգացումը կախեալ է Րաֆֆի Յովհաննիսեանէն եւ անոր խումբէն, քանի որ ան ստացած է ժողովուրդի վստահութեան քուէն:

Խօսք առաւ նաեւ Կարապետ Ռուբինեան, որ յայտարարեց, որ չի կասկածիր, որ Րաֆֆի Յովհաննիսեան յաղթած է այս ընտրութիւններուն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Վահան Վանական 11 years

    «այս հրապարակը, որը պատկանում է բոլորին»

    Երէկ՝ Րաֆֆին եւ «իր քուէարկողները» տեսանք այս հրապարակին վրայ.
    Այսօր՝ Սերժը եւ «իր քուէարկողները»՝ նոյն հրապարակին վրայ նախատեսած են իրենց հանրահավաքը »

    Այսօր՝ Րաֆֆին եւ իր «ամբոխը» պէտք է քաշուին եւ տեղ տան Սերժին եւ իր «ամբոխին» որպէսզի տեսնենք իրենց զանքուածը եւ իրենց արտայայտութիւնը.

    Եթէ Րաֆֆին մնայ իր «ամբոխով» եւ Սերժը հասնի իր ամբոխով, պիտի շուարինք գիտնալու թէ Սերժին ընտրողներն են թէ Րաֆֆիին.

    Րաֆֆին պէտք է գաշուի եւ տեղ տայ Սերժին.

    Րաֆֆի-ականները տեսանք
    Այժմ պէտք է տեսնենք Սերժ-ականները.

    Կէցցէ Տեմոկրասին,

    Վահան Վանական

  • Disqus ( )