50 Տարի Առաջ (22 Փետրուար 1963)
Խմբագրական
Խօսք Հրաժեշտի
Սրտամորմոք վշտի եւ անհուն ցաւի ալեկոծութիւն մը կ՛ապրի հայ ժողովուրդը վերջին քանի մը օրերու ընթացքին: Հոգիներու վարակիչ խռովքը իր վսեմագոյն արտայայտութիւնը կը գտնէ այն համազգային յարգանքին մէջ, որ այսօր հայութեան բոլոր զաւակներունն է անխտիր, բոլորն ալ հոգեխառնուած այն Մեծ Սուգին մէջ, որ հարուածեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, յանձին անոր ամէնէն լուսամիտ գահակալներէն մէկուն` Զարեհ շնորհազարդ կաթողիկոսին:
Անցեալ երեքշաբթիէն ի վեր Ս. Նշան Մայր եկեղեցիին մէջ պարզուող սրտայոյզ տեսարանները, երանաշնորհ հայրապետին պայծառափայլ դէմքը թրջող յորդաբուխ արցունքները հայութեան հոգիէն կու գան: Պարզ արցունքներ չեն անոնք, այլ` ափսոսանքի խուլ հառաչներով դրսեւորուած անհուն ցաւը ժողովուրդի մը, որ կու լայ իր հոգեւոր առաջնորդին, բարի եւ քաջ հովիւին անժամանակ մեկնումը, երբ դեռ այնքան պէտք ունէինք իր վեհութենէն բխող անսահման բարութեան եւ վսեմ բարոյականին, որուն մարմնացումը եղաւ Մեծ Ննջեցեալը կրօնական իր ասպարէզի ընթացքին:
Հայ մամիկը, որ սուրբի մը հանգոյն, իր տաք շրթներով վերջին համբոյրը կու տայ, Վեհափառի միւռոնաբոյր աջին, երիտասարդը, որ հազիւ կը զսպէ իր արցունքները, բոլորը, ամէն տարիքի ու խաւի մարդիկ, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ զաւակներ, կենդանի արտայայտութիւնն են ոչ միայն անհետացող Մեծ Դէմքին հանդէպ իրենց անխառն սիրոյն եւ յարգանքին, այլ նաեւ կու տան սփոփարար պատկերը հայութեան, որ ճգնաժամային պահերուն գիտէ բարձրանալ ընդհանրական ապրումներու ոլորտները, վերագտած իր հոգին, որ մաքուր է եւ անխարդախ:
Սէրն ու յարգանքը վեհին` կ՛երթայ Աթոռին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որ այսօր դարձեալ սեւ քողով ծածկուած է` իբրեւ խորհրդանիշը սգաւոր հայութեան: Կ՛երթայ այն Մեծ հաստատութեան, որուն կոչումին եւ դերին գիտակցութիւնն ունի հայ ժողովուրդը, եւ այդ գիտակցութեամբ կ՛ողբայ անոր արժանաւոր հովուապետին կորուստը: Ափսո՜ս, որ կարճատեւ եղաւ Ն. Սրբութեան գահակալութեան շրջանը, որ կու գար վերածաղկումի եւ բարգաւաճման խոստումներով, եկեղեցական եւ ազգային կեանքի մէջ առնուած յառաջընթաց քայլերով, որոնք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դարձուցած էին անքոյթ նաւահանգիստ` մեր տառապած ժողովուրդին:
Չկայ վեհափառը, Անթիլիասի ուխտաւոր բազմութիւնները, որոնք անոր շունչին ու խօսքին կարօտով, փառքի ու շքեղութեան պայծառ օրերուն կը փութային վանք, այլեւս պիտի չտեսնեն անոր խաղաղեցնող ժպիտը: Իր թաւ ձայնը պիտի չհնչէ մեր եկեղեցիներու խնկաբոյր կամարներուն տակ: Բայց պիտի մնայ` ինչ որ անկորնչելի է մեր սիրելի հայրապետէն, պիտի մնայ` ինչ որ մնացած է մեզի մեր լուսապսակ հովուապետներէն` իբրեւ խոր հաղորդութիւն իբրեւ գինի արբեցումի:
Պիտի մնայ անձնդիր եւ բարոյական ու հոգեկան բարձր արժանիքներու տէր առաքելատիպ հոգեւորականը, որուն ադամանդեայ սիրտը բախեցաւ միայն իր ժողովուրդին համար, անոր տառապանքներուն ցաւակից եւ ուրախութիւններուն մասնակից:
Պիտի մնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր Աթոռը, աւելի քան երբեք ամուր ու անսասան, իր հիմերը նետած հայ ժողովուրդի անխորտակ հաւատքին վրայ:
Պիտի մնայ կիլիկեան միաբանութիւնը` պարտականութեան եւ կոչումի նոյն բարձր գիտակցութեամբ, հայ ժողովուրդին ծառայելու աննկուն կամքով:
Այդ գիտակցութիւնն ու կամքը իրենց ուժն ու զօրութիւնը կը ստանան այն մեծ Գործէն, որ վեհափառը կատարեց գահակալութեան իր կարճատեւ շրջանին, իբրեւ սրբազան կոթող, որ մշտնջենապէս կապուած պիտի ըլլայ իր անունին ու յիշատակին:
Ու հիմա, հայրապե՛տ, բաժանման այս գերագոյն պահուն, երբ հայութեան սրտէն փրցուած մասնիկ մը որպէս, մեր շքեղ պատմութեան սրբացումին (կը յանձնենք Քեզ, ներէ, որ ըլլանք համեստ թարգմանը քու պաշտած ժողովուրդին, որ այսօր ծունկի եկած անթառամ յիշատակիդ առջեւ` ի խորոց սրտի կ՛աղաղակէ.
– Երթդ բարի, վեհափա՛ռ:
Ս. Պապը Իր Ցաւակցութիւնը Կը Յայտնէ
Պապական նուիրակ մոնս. Լամպերթինի մասնաւոր ժամադրութեամբ, հինգշաբթի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին երկրորդ անգամ ըլլալով Անթիլիաս եկաւ` յայտնելու համար հեռագրական հրահանգով ստացած այն պատգամը, որով Ն. Ս. Յովհաննէս ԻԳ. պապը, խորապէս զգացուած Զարեհ Ա. կաթողիկոսի մահէն, Խորէն արք. Բարոյեանին ու անոր միջոցով ամբողջ հայ ժողովուրդին կը յայտնէ իր ցաւակցութիւնները:
Շահնշահի Ցաւակցական Հեռագիրը
Բարձր. Տ. Խորէն Ս. արք. Բարոյեան
Խորապէս զգացուած ենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի մահուան լուրով: Նորին կայսերական վեհափառութիւն շահնշահը հրամայեց ինծի Ձեզի ներկայացնելու իր խորազգած վշտակցութիւնները:
ՀԻՒՍԷՅՆ ԱԼԱ
ՊԱԼԱՏԻ ՆԱԽԱՐԱՐ
Պոլսոյ Պատրիարքին Հեռագիրը
Բարձր. Տ. Խորէն Ս. արք. Բարոյեան
Սրտանց վշտակցութիւն Աթոռիդ գահակալ Զարեհ Առաջին սիրեցեալ եղբօր անակնկալ եւ անժամանակ վախճանման առթիւ: Ղեւոնդեանց տօնին աղօթեցինք իրեն հոգեհանգստեան համար: Ընտրութիւն արժանաւոր յաջորդի մը, որ երջանկութիւնն ունենայ վերանորոգուած տեսնելու հայ եկեղեցւոյ ցանկալի միասնականութիւնը:
ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

