Արուեստի Աշխրահէն. «Լինքըն» Ժապաւէնին Մէջ Պատմական Մեծ Սխալ Մը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«Լինքըն» ժապաւէնը թեկնածու է 12 օսքարներու, ներառեալ` լաւագոյն բեմադրիչի եւ լաւագոյն ժապաւէնի մրցանակներուն:
«ԵԱՀՈՒ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՍՓԻԼՊԸՐԿԻ ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ՄԷՋ ՔԸՆՆԵՔԹԻՔԱԹ ՍԽԱԼ ԿԵՐՊՈՎ ՊԱՏԿԵՐՈՒԱԾ Է ԻԲՐԵՒ ՍՏՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄՆԱԿԻՑ ՆԱՀԱՆԳ ՄԸ…
Սփիլպըրկի 12 օսքարներու թեկնածու ժապաւէնը սխալ կերպով կը պատկերէ Քըննեքթիքաթի ներկայացուցիչին քուէարկութիւնը Բարեփոխութեան թիւ 13 յօդուածին դէմ, որուն նպատակն էր Ամերիկայի տարածքին հակաօրինական հռչակել ստրկութիւնը: Մինչդեռ իրականութիւնը այն է, թէ 1865-ի յունուարին այս նահանգին 4 ներկայացուցիչները Ներկայացուցիչներու տան մէջ թեր քուէարկած են ստրկութիւնը արգիլելու:
Քըննեքթիքաթի այժմու ներկայացուցիչ Ճօ Քորթնի նկատած է սխալը, երբ ժապաւէնը դիտած է անցեալ շաբաթ:
Քորթնի կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս այլ հանդիսատեսներ իրենց զարմանքը արտայայտած էին իրենց նահանգին մասին այս յայտնաբերումին ի տես: «Անշուշտ ես ալ նման հակազդեցութիւն մը ունեցայ,- կ՛ըսէ ան:- Ինչ որ տեսայ, իրապէս ջղագրգռեց զիս»:
Այնուհետեւ 59 տարեկան Քորթնի կապ հաստատած է Ներկայացուցիչներու տան ուսումնասիրական կեդրոնի սպասարկութեան հետ, որ հաստատած է սխալը»:
Թէեւ Քորթնի գովասանքով արտայայտուած է ժապաւէնին դերակատարութեան եւ նկարահանումի արուեստին մասին, սակայն ան նշած է, թէ գեղարուեստական ազատութիւնը թոյլ չի տար Քըննեքթիքաթը ներկայացնելու պատմական սխալով մը, մանաւանդ` ստրկութեան նման հզօր հարցի մը պարագային:
Քորթնի նամակ մը յղած է ուղղակի Սփիլպըրկի եւ հարց տուած է. «Քըննեքթիքաթ կը զօրակցէր նախագահ Լինքընի եւ Քաղաքացիական պատերազմին ժամանակ հազարաւոր զաւակներ զոհաբերած էր` ստրկութեան դէմ կռուելով Միացեալ ուժերու կողքին: Հետեւաբար, ինչպէ՞ս այս նահանգէն ներկայացուցիչ մը կրնար պատմական սխալ կողմնորոշում մը կատարել»:
Քորթնի պահանջած է, որ սխալը սրբագրուի «Լինքըն» ժապաւէնին Տի. Վի. Տի.ներուն հրապարակումէն առաջ: