Արուեստի Աշխարհէն. Վըրճինիայէն Մինչեւ Վոլկոկրատ Հարկ Է Հասկնալ Ազգային Դիցավէպերը, Քան Թէ` Ծաղրել Զանոնք

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«Հայրենիքը կը կանչէ» 85 մ. բարձրութեամբ արձանը զետեղուած է Մամայեւ Քուրկանի բարձունքին, Վոլկոկրատի մէջ (Ռուսիա):

ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԵՆ ՇԵՓՈՐԵԼ ԱՆՑԵԱԼԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐԸ ԵՒ ՍՏԵՂԾԵԼ ՄԱՍԱՄԲ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ԱՌԱՍՊԵԼՆԵՐ: ՎԵՐՋԵՐՍ ՍՏԱԼԻՆԿՐԱՏԻ ԱՆՈՒԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՎԷՃԸ ԵՒ ՍՓԻԼՊԸՐԿԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԺԱՊԱՒԷՆԸ` «ԼԻՆՔԸՆ», ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ ԵՆ, ՈՐՈՆՔ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ Կ՛ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ` ԶԱՅՆ ՊԱՏՇԱՃԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՄԵՐԻ ՏԵԺԵՒՍՔԻ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԱՅՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ, ԹԷ ԱՅՍ ԵՐԵՒՈՅԹԸ ԴՐԱԿԱՆ Է ԵՒ ԿԵՆՍԱԿԱՆ` ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՐՈՇՈՒՄԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՆ ՆԱԵՒ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԱՌԱՍՊԵԼԸ ԻԲՐԵՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԸՆԿԱԼԵԼԷ:

Ինծի նման կարգ մը ռուս- բրիտանացիներու պէս մէկ տարի յաճախած եմ Վորոնեժի համալսարանը, երբ Ռուսիա մաս կը կազմէր Խորհրդային Միութեան եւ Լէոնիտ Պրեժնեւ կը ղեկավարէր Քրեմլինը: Այդ օրերէն երկու նախադասութիւն դրոշմուած է յիշողութեանս մէջ, որովհետեւ յաճախ կրկնուած են անոնք: Վորոնեժ «առաջին ճակատն էր Ստալինկրատէն վերջ» եւ` «գրեթէ ամբողջութեամբ աւերուած էր պատերազմին ընթացքին»: Ձեւով մը այս բացատրութիւնները կը տրուէին իբրեւ պատճառաբանութիւն` այն տգեղ եւ անդիմագիծ կառոյցներուն, որոնք փոխարինած էին հին քաղաքին մեծ մասը: Սակայն ասոնք աւելի հպարտութեան եւ ինքնութեան արտայայտութիւններ էին:

Ստալինկրատ այնքան մեծ դիմադրականութիւն եւ զոհաբերութիւն ցոյց տուած էր, որ գերմանացիք պարտաւորուած էին նահանջել: Ստալինկրատէն ետք երկրորդ քաղաքը դասուիլը պատիւ մըն էր Վորոնեժի համար: Ճիշդ է, որ Ստալին արդէն իր հերոսի դիրքէն իջած էր չարանենգ տիպարի մակարդակին (Ստալինկրատը վերանուանուած էր Վոլկոկրատ), սակայն ճակատամարտը կը պահէր իր անունը եւ իր երկիւղալի դիրքը` իբրեւ Հայրենական մեծ պատերազմին անկիւնդարձը, ինչպէս ռուսերը կը կոչեն Բ. Աշխարհամարտը: Ստալինկրատի ճակատամարտին ժամանակ էր նաեւ, որ ռուսերուն արտօնուած էր դարձեալ զգալ, թէ իրենք ռուս են, մինչ 20 տարի շարունակ ճզմուած էր անոնց ազգային ինքնութիւնը:

Պատմութիւնը` Յղկուած

Այս պատճառով է, որ երբ երկու շաբաթ առաջ Ռուսիա ոգեկոչեց Ստալինկրատի յաղթանակին 70-ամեակը, եւ վերարծարծուեցաւ Վոլկոկրատը իր նախկին անունով կոչելու կարելիութիւնը, հարցը ոչ մէկ կապ ունէր Խորհրդային Միութեան, համայնավարութեան կամ նոյնինքն Ստալինի նկատմամբ կարօտախտի զգացումներու հետ, այլ` լիցքաւորելու եւ յղկելու պատմութեան մէկ մասը, որ կը քաջալերէ հայրենասիրութիւնը եւ կը տարածէ ազգային դրական դիցավէպ մը:

Սփիլպըրկ սրբացուցած է Լինքընը` համանուն ժապաւէնին մէջ:

Համայնավարութեան քայքայումէն ետք Ռուսիոյ դժուարութիւնը անցեալի նոր տարբերակ մը ստեղծելն էր: Վլատիմիր Փութինի նախագահութեան առաջին օրէն այս նպատակը կը ձգտէին իրագործել նոր դասագիրքեր, պատմութեան նոր ներկայացումներ եւ նոր ժապաւէններ: Ստալինկրատի մէջ արձանագրուած յաղթանակին պատմութիւնը խորհրդային յաղթանակի սովորական շեփորումէ մը աւելին կը պարունակէ. անիկա կեդրոնական տեղ կը գրաւէ նոր դիցաբանութեան մը ստեղծումին մէջ: Վիթալի Կրոսմանի մինչեւ 1988 արգիլուած «Կեանք եւ ճակատագիր» գործը մաս կը կազմէ այս նոյն գործընթացին: Ստալինականութեան սուր դատապարտումը միաձուլելով ճակատամարտի տեսարաններու պատկերաւոր նկարագրութեան հետ, ինչպէս նաեւ ցուցաբերելով աներեր հաւատք` մարդկային բարութեան նկատմամբ, գիրքը կը պատրաստէր հողը յետ-խորհրդային ռուսական պատերազմներու դիցաբանութեան մը, երբ անցեալ տարի վերածուեցաւ ժապաւէններու շարքի մը եւ ցուցադրուեցաւ ռուսական պատկերասփիւռէն:

Անշուշտ պարզապէս զուգադիպութիւն էր, սակայն խօսուն երեւոյթ մը, երբ Ստալինկրատի ճակատամարտերէն պատմական նկարահանումներ եւ ոգեկոչումներու լրատուական տեղեկագրութիւններ կը յայտնուէին մեր պատկերասփիւռի պաստառներուն վրայ եւ մեր օրաթերթերուն մէջ, ճիշդ այն պահուն, երբ Սթիւըն Սփիլպըրկի դիւցազներգական «Լինքըն» ժապաւէնին բացումը տեղի կ՛ունենար Բրիտանիոյ շարժապատկերի սրահներուն մէջ: Որովհետեւ «Լինքըն» պարզապէս համապարփակ նիւթ մը զարգացնող կէս վաւերագրական – կէս թատերական ժապաւէն մը չէ, որ թեկնածու է 12 օսքարներու եւ անձնական յաղթանակ մըն է նախագահ Լինքընի տիպարը մարմնաւորած Տանիել Տէյ-Լուիսի համար: Ժապաւէնը նաեւ կը դարփնէ ազգային դիցավէպ մը. դիցավէպ մը, որ Միացեալ Նահանգներուն առիթ կու տայ ինքզինք նկատելու այն երկիրը, որ մղած է ստրկութիւնը վերացնելու, եւ ոչ թէ` զայն պահելու պատերազմ մը: Ինչպէս միշտ` պատմութիւնը կը գրեն յաղթողները:

Սակայն ժապաւէնը եւ Ամերիկայի քաղաքացիական պատերազմին նիւթը, որ կ՛արծարծէ անիկա, նոյնքան արդիւնք է մեր ժամանակներուն, որքան` պատմութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու այն ուղղութեան, որ այսօր կը տիրէ Ռուսիոյ մէջ: Պատերազմ մը, որ նոյնքան մեծ թիւով զոհեր խլած է, որքան` Ստալինկրատի ճակատամարտը: Դժուար է երեւակայել, թէ Սփիլպըրկ ճամբայ ելած է բեմադրելու դիւցազներգութիւն մը Ապրահամ Լինքընի անձին եւ նախագահութեան վերաբերեալ` առանց նկատի ունենալու Պարաք Օպամայի 2008-ի նախագահական ոգեշունչ ընտրապայքարը:

Ճափոնի մէջ Եասուքունի սրբավայրը կը փորձէ փրկել ազգային արժանապատուութիւնը:

Թէեւ Սփիլպըրկի պատերազմի ժամանակներու նախագահը այնքան ալ ջղագրգիռ վերաբերում չի ցուցաբերեր, երբ կը փորձէ Ներկայացուցիչներու տան զօրակցութիւնը ապահովել ստրկութիւնը վերացնելու հարցին, սակայն նաեւ այնքան ալ պարկեշտ վերաբերում չի ցուցաբերեր խաղաղութեան առաջարկի մը, որ կրնայ խորտակել ստրկութիւնը վերացնելու ճակատագրական քուէարկութիւնը: Այսուհանդերձ, Լինքըն պատկերուած է իբրեւ խորապէս բարոյական սկզբունքներու տէր, նոյնիսկ` սուրբի համազօր կերպար մը: Ան միայն փոքր մեղքեր կը գործէ, կամ գէթ այսպէս կը թուի, որպէսզի իրագործէ գերագոյն բարիքը: Ան ժողովուրդին «հայրն է»: Ժապաւէնը Միացեալ Նահանգները կը պատկերէ այնպէս ինչպէս այս երկիրը պիտի փափաքէր ներկայանալ աշխարհին, սակայն իրականութեան մէջ տակաւին կը ձգտի ներկայանալ այս պատկերով. օրէնքի դիմաց հաւասար իրաւունքներու երաշխաւորը, բոլորին հաւասար իրաւունքներ շնորհող երկիրը, որ նաեւ խտրութիւն չի դներ սպիտակամորթներու եւ սեւամորթներու միջեւ:

Կը կարծեմ, թէ ժապաւէնին սեւամորթ տիպարները ամէնէն ձախողն են: Ապացոյցը հաւանաբար անոնց մակերսայնութիւնն է եւ նախատիպարային պատկերումը, որուն նպատակն է ցոյց տալ, թէ Միացեալ Նահանգներ տակաւին երկար ճամբայ պէտք է կտրեն: Սակայն 2013-ի Ամերիկայի Լինքընը 2013-ի Ռուսիոյ Ստալինկրատին պէս կը ծառայէ յիշեցնելու բնակչութեան, թէ ո՛վ ինչ ըրած է, որքա՛ն զոհաբերութիւն կատարուած է եւ ո՛վ կ՛արդարանայ պատմութեան դիմաց, գէթ` ներկայի դիտանկիւնէն: Երկու ոգեկոչումներն ալ կը պատշաճեցնեն եւ աւելի ցայտուն կը դարձնեն ազգային դիցաբանութիւնը:

Ջնարակուած Ճշմարտութիւնը

Գերմանիա իր հայեացքը կ՛ուղղէ դէպի Պիզմարք, որ 19-րդ դարուն միացուցած էր երկիրը:

Հարկ չկայ նշելու, թէ ասիկա շատ աւելի պարզ հաստատում մըն է յաղթողներու պարագային, քան` պարտուողներու: Այսօրուան ռուսերը կրնան իրենք զիրենք յաղթական նկատել Ստալինկրատի պրիսմակին ընդմէջէն, իրենց Հայրենական մեծ պատերազմին ընդմէջէն եւ` համայնավարութեան քայքայումով` հպարտօրէն իբրեւ ազգ-պետութիւն ծնած երկիր: Շատ աւելի խնդրայարոյց հարց է, թէ ի՛նչ պատահած է 1917-1991-ի միջեւ: Նոյնպիսի հաստատում մը կարելի է կատարել Լինքընի սրբացուած պատկերումին մասին, որ կ՛անտեսէ ստրկութեան ընկերային աւանդին գոյատեւումը:

Բրիտանիոյ դիցավէպը հիմնուած է Բ. Աշխարհամարտի իրադարձութիւններու վրայ:

Բրիտանիոյ տիրական դիցավէպը Բ. Աշխարհամարտի պատմութիւնն է. գերմանական օդանաւերով բրիտանական քաղաքներու ռմբակոծումը, Տանքըրքի ճակատամարտը (որ իրականութեան մէջ մեծ նահանջ մըն էր), ինչպէս նաեւ` ընկերային միասնականութիւնը: Պարտութիւններ, ինչպէս` Սինկափուրի մէջ Բրիտանիոյ խայտառակութիւնը, մոռցուած են: Սակայն առանց այս դիցավէպին պաշտպանութեան, թերեւս մօտ օրէն շատ աւելի սաստիկ զգացական փոթորիկ մը պիտի ապրէինք` նշելով Ա. Աշխարհամարտի 100-ամեակը, իսկ այն վէճը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վերաբերիլ Ռիչըրտ Գ. թագաւորին վերջերս յայտնաբերուած աճիւններուն հետ, այսինքն` արդեօք պէտք է զանոնք դարձեա՞լ թաղել կառատան տակ, թէ՞ պետական հանդիսաւոր արարողութեամբ մը թաղել Ուեսթմինսթըր Էպիի մէջ, պիտի ստեղծէր շատ աւելի մաղձ, քան` հեգնական զուարճութիւն:

Ֆրանսացիներուն ազգային դիցավէպը տակաւին կը գտնուի Ֆրանսական յեղափոխութեան մէջ:

Այսուհանդերձ, ազգային դիցաբանութիւնը պէտք է ընդունիլ իբրեւ այն` ինչ որ է. ճշմարտութեան ջնարակուած մէկ մասը: Իսկ մենք` յաղթողներս թերեւս պէտք է աւելի հանդուրժողութիւն ցուցաբերենք անոնց նկատմամբ, որոնք պարտաւորուած են քիչ մը յաւելեալ հնարամտութիւն ի գործ դնել` բնորոշելու համար իրենց փառքի օրերը: Բ. Աշխարհամարտէն ետք Շարլ տը Կոլի վերադարձը ինքնին դիցաբանական որակ մը ստացաւ, ինչպէս նաեւ` Գերմանիոյ մէջ արձանագրուած  տնտեսական հրաշքը: Սակայն Ֆրանսա տակաւին կը վերադառնայ մինչեւ 1789` իր ամէնէն ազդու ազգային դիցավէպին կառչելու համար, մինչ Գերմանիա սկսած է իր հայեացքը ուղղել դէպի Պիզմարք եւ անոր ժամանակներու միացեալ երկիրը, իսկ Թոքիոյի մէջ պատմական արժանապատուութիւն կը փորձեն փրկել դէպի Եասուքունի սրբավայրը (Ճափոնական կայսրութեան համար նահատակուած քաղաքացիներուն յիշատակին կառուցուած կոթող մը) կատարուած ուխտագնացութիւնները:

Ազգային դիցավէպերը ընդհանրապէս դրական ուժ մը կը պարունակեն, այնքան ատեն, որ հակակշիռը չենք կորսնցներ անոնց վրայ: Մարդիկ կարիքը կը զգան հաւաքաբար լաւ զգալու իրենք զիրենք: Սակայն պէտք է զգուշանանք մեր սեփական դիցավէպերը իբրեւ ճշմարտութիւն ընկալելէ, միաժամանակ` այլոց դիցավէպերը իբրեւ ինքնախաբէութիւն անտեսելէ: Լաւ կողմը տեսնելու մեր հակումով բոլորս կը բաժնենք մեղքի բաժին մը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )