Աղուան Եւ Վլատիմիր Պապիկեանները Փոխ Տրուեցան Սպարտակի Երիտասարդներու Խումբին

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Աղուան եւ Վլատիմիր Պապիկեան եղբայրները, որոնց ստորագրութիւնը կը պատկանի լեհական Լոցին խումբին, երէկ փոխ տրուեցան Սպարտակ Մոսկուայի երիտասարդներու ֆութպոլի խումբին:

Աղուան Պապիկեան, որ Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի անդամ է, երէկ մեկնեցաւ Անթալիա եւ միացաւ Սպարտակի պահեստներու խումբին, որ հոն ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ:

20 տարեկան Վլատիմիր Պապիկեան, որ վնասուածք ունի, Մոսկուայի մէջ պէտք է քննութիւններու ենթարկուի` լաւապէս ապաքինելու համար:

Նշենք, որ անոնք ռուսական ակումբին հետ պիտի մնան մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:

 

Share this Article
CATEGORIES