«Չեմփիընզ Լիկ». Ա. Սէ. Միլան 2-0 Արդիւնքով Յաղթեց Իր Հիւրին` Պարսելոնային
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Ա. Սէ. Միլան 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պարսելոնային:
Պարսելոնա, որ նախորդ տարեշրջանին մրցաշարքէն դուրս ձգած էր Ա. Սէ. Միլանը, շրջապատեց իրաւարարը` բողոքելով, որ Քրիսթիան Զափաթա ձեռքով կասեցուցած էր գնդակը, նախքան անոր հասնիլը Քեւին Փրենս Պոաթենկին, որ 57-րդ վայրկեանին նշանակեց այդ կասկածելի կոլը:
Երկրորդ կոլը եւս նշանակեց այլ ղանացի մը` Սիւլէյ Մունթարի (81-րդ):
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 12 մարտին` «Նու Քամփ»-ի մէջ:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, Կալաթասարայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Շալքէի հետ:
CATEGORIES Մարզական

