Իլհամ Ալիեւ Կը Պատժէ Հայերու Ջարդերուն Մասին Գրած Այլիսին
«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հինգշաբթի, փետրուար 7-ին հրամանագիր մը ստորագրած է Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած հայերու ջարդերուն մասին «Քարէ երազներ» հատորի հեղինակ Աքրամ Այլիսլիի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու նպատակով:
Ըստ հրամանագիրին, հեղինակէն պիտի խլուի «Ժողովրդական գրող» կոչումը եւ անոր տրամադրուող նախագահական կենսաթոշակը պիտի կասեցուի:
«Քարէ երազներ» վէպին մէջ կը պատմուին 20-րդ դարու սկիզբը եւ 1988-90 թուականներուն Ազրպէյճանի մէջ հայերու դէմ ջարդեր իրագործած ազրպէյճանցիներու վայրագութիւններուն մասին:
Այլիսլիի դէմ Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ հրահրուած բողոքի ալիքին իսկական պատճառը կը նկատուի այն իրողութիւնը, որ վէպին մէջ կը նշուի, թէ ներկայ նախագահին հայրը` Հայտար Ալիեւ, Սումկայիթի մէջ հայերուն
ջարդերը հրահրած է` իշխանութեան գլուխ գալու նպատակով:
Ըստ «Թուրան» լրատուական գործակալութեան, Այլիսլի դիմած է Ազրպէյճանի մօտ արտասահմանեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն` խնդրելով անոնցմէ, որ ծանօթանան իր վէպին եւ վերաբերմունք ցոյց տան անոր նկատմամբ:
«Արդէն երկու շաբաթէ աւելի է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու վերահսկողութեան տակ գտնուող զանգուածային լրատուամիջոցները «Քարէ երազներ» վէպին պատճառով բարոյական ահաբեկչութեան արշաւ սանձազերծած են դէմս: Իմ բնակարանիս առջեւ չարտօնուած զանգուածային հաւաքներ կը կայանան, իմ գիրքերը կը հրկիզուին, անարդարացի ճնշում կը գործադրուի ընտանիքիս անդամներուն վրայ», յայտարարութեան մէջ նշած է գրողը: «Այս բոլորը խօսքի եւ արտայայտուելու ազատութեան դէմ իշխանական շրջանակներու աննախադէպ անհանդուրժողականութեան օրինակ է», աւելցուցած է Այլիսլի:
Գրողը նաեւ ցաւ յայտնած է նախագահին կողմէ իր դէմ որդեգրուած նորագոյն պատժամիջոցներուն առթիւ: «Կը ցաւիմ, որ նման որոշումներ կը տրուին պետութեան մը մէջ, որուն սահմանադրութիւնը կ՛երաշխաւորէ խօսքի ազատութիւնը», ըսած է հեղինակը: