Այլիսլիի Ականջը Կտրողին` Մեծ Պարգեւ. Ազրպէյճանական «Ծանօթ»… Քաղաքակրթութեան Հետքերով
«Թուրան» կը գրէ թէ Ազրպէյճանի «Ժամանակակից Մուսաւաթ» կուսակցութեան առաջնորդ Հաֆիզ Հաճիեւ յայտարարած է, որ իր ղեկավարած կուսակցութիւնը որոշած է հայկական ջարդերու մասին «Քարէ երազներ» հատորի հեղինակ Աքրամ Այլիսլիի ականջը կտրողը պարգեւատրել 10 հազար մանաթով:
«Այդ վէպով, ան վիրաւորած է ազրպէյճանցիները` զանոնք ներկայացնելով իբրեւ վայրենիներ: Այդ պատճառով որոշեցինք, թէ Այլիսլիի նկատմամբ ընդունուած միւս բոլոր պատիժները բաւարար չեն, եւ անհրաժեշտ է կտրել անոր ականջը: Այդ որոշման իրագործումը յանձնարարուած է կուսակցութեան երիտասարդական թեւի անդամներուն: Որոշումը բեկանման ենթակայ չէ, եւ պէտք է իրագործուի», յայտարարած է …«քաղաքակիրթ» ղեկավարը:
CATEGORIES Պատմական


