Պայազատ Ռոստամխան Էնակօլօփեանց. «Ի Հասակի 21 Ամաց… Արբ Զմահ Լեալ Նահատակ» Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ Նոր Ջուղայի Մասին

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

Ժամանակագրականօրէն անոնցմէ առաջինը Ռոստամխանի նամակն էր, գրուած 15 ապրիլ 1843-ին, իր մահէն վեց ամիս առաջ, ուղղուած` օրուան առաջնորդ` Յովհաննէս եպս. Սուրէնեանին: Ստորեւ կը ներկայացնենք Ջուղայի բարբառով գրուած այդ նամակը` արեւմտահայերէն աշխարհաբարի վերածուած:

Ձերդ Բարձր
Սրբազնութեան
Ամենախոնարհ խնդիր

Տխուր եմ, որ յանկարծ դէպք մը պատահեցաւ ինծի եւ որեւէ ճանապարհով հնար չեմ գտներ անկէ ազատուելու. ուստի Ձերդ Սրբազնութեան կը դիմեմ, գուցէ ճար մը գտնէք ինծի համար:

Օր մը նստած էի սենեակիս մէջ, անծանօթ մարդ մը, Միրզա Մուհամադ Հուսէյն անունով եկաւ մօտս, որուն երբեք չէի ճանչնար: Սկսաւ ինծի երազ մը պատմել, որպէս թէ ինք երազի մէջ տեսեր է, որ ես պիտի իսլամանամ: Այս մասին ես ոչինչ խօսեցայ եւ [պատահածն ալ] միանգամայն ոչինչ համարեցի. ան ելաւ, գնաց մօտէս: Քանի մը օր ետք կրկին եկաւ մօտս. [Իսֆահանի քաղաքապետ] Մօհդամէդ Դօվլէէն նամակ մը տուաւ ինծի. բացի` կարդացի: Ինծի գրած էր այնպիսի անծանօթ բաներ, որ երազիս մէջ ալ չեն եկած, որպէս թէ ես իսլամացեր եմ: Այս բանի վրայ ես զարմացած մնացի. եւ ան (վերոյիշեալ Մուհամադ Հուսէյնը), առանց որ ես որեւէ բան ըսեմ, սկսաւ օրինակ մը գրել իմ լեզուով, որպէսզի այն, ինչ ինք նախօրօք արդէն գրած էր, որ զիս իսլամացուցած է, [իմ նամակովս] հաստատէ [այս պարագան]:

Ես չհաճեցայ այս օրինակը գրել, որովհետեւ նման բան ինծի ընդունելի չէր եւ այս խնդիրը անծանօթ էր ինծի: Յետոյ ըսաւ, որ այս բաները ինքն իր կողմէ արդէն նախօրօք գրեր է Թեհրան եւ այս մասին խալաթ պիտի գայ ինծի համար ողորմած շահէն:

Ես այժմ տարակոյսի մէջ եմ, քանզի անմեղ տեղն մնացեր եմ այսպիսի զրպարտութեան մէջ, որովհետեւ ծանր է ինծի համար բարերար շահի խալաթը չընդունիլը, եւ առաւել ծանր է ինծի եւ անհնարին իմ հաւատքս փոխելը: Ուստի կ՛աղաչեմ Ձերդ Սրբազնութենէն, եթէ հնար է ազատել զիս այս վտանգէն, առանց որեւէ վնասի:

Իսֆահան քաղաք Մնամ Սրբազնութեանդ միշտ խոնարհ ծառայ 1843, Ապրիլ 15:
Ռուստամ Ս. Էնակօլօփով:

Համեմատ նախագաղափարին (բնագրին) օրինակեցի (ընդօրինակեցի), Գէորգ Աբեղայ Մկրտչեան Երեւանցի:

Այս նամակէն առաջին հերթին կ՛իմանանք, որ Միրզա Մուհամադ Հուսէյն էր անունը այն անձին, որ կարծէք յատուկ պատուէրով  պարտականութիւն ունէր Ռոստամխանը իսլամացնելու: Այդ նպատակով ալ անակնկալօրէն այցելած էր անոր: Նոյն անձը առանց Ռոստամխանի գիտութեան սուտ զեկոյց ներկայացուցած էր առ որ անկ է, թէ իսլամացուցած է զինք: Այս սուտ տեղեկութիւնը իր կողմէ  հնարելով փոխանցած էր Թեհրան` շահին: Սակայն իր ըսածները փաստելու համար կարիքն ունէր Ռոստամխանի լեզուով գրուած անձնական վկայութեան. ահա այդ պատճառով ալ երկրորդ անգամ եկած էր Ռոստամխանին մօտ` ստանալու այդ գրութիւնը: Երբ կատարուած առաջարկը կտրականօրէն կը մերժուի, այն ատեն, սպառնալիքի ձեւով, զինք կատարուած իրողութեան առջեւ կը դնէ` ըսելով, որ ինք արդէն գրած է այս մասին թագաւորին, որ ի գնահատութիւն Ռոստամխանի իսլամացած ըլլալուն` շուտով անոր խալաթ պիտի ուղարկէ:

Երկրորդ հետաքրքրական տեղեկութիւնը այն է, որ այս խնդրին տեղեակ է Սպահանի քաղաքապետ Մանուչէրխանը, որ իր հերթին գրելով Ռոստամխանին «այնպիսի անծանօթ բաներ» (որոնց մասին մինչեւ իսկ երազիս մէջ չեմ տեսած», կ՛ըսէ ան), զինք արդէն իսլամացած կը համարէ: Իսկ երիտասարդ հայ զօրականը` որդի Սարթիփ Սուլէյմանխանի, զարմացած եւ տագնապահար, իր մասին գրուածներն ու յայտարարուածները պարզապէս զրպարտութիւն համարելով` անձկագին եւ թախանձագին կը խնդրէ Նոր Ջուղայի ժամանակի առաջնորդ սրբազան հօրմէ` ազատել զինք այս վտանգաւոր կացութենէն, որովհետեւ մէկ կողմէ` «ծանր է ինծի համար բարերար շահի Խալաթը չընդունիլը», իսկ միւս կողմէ` «առաւել ծանր է ինծի եւ անհնարին իմ հաւատքս փոխելը», կը գրէ:

Էնակօլօփեանց կամ Էնակօլօփով ընտանիքի թղթածրարին մէջ կան թիւով տասը գրութիւններ, որոնցմէ երեքը միայն կը վերաբերին Ռոստամխանի խնդրին: Անոնցմէ առաջինը արդէն ամբողջութեամբ ներկայացուցինք: Երկրորդ եւ երրորդ նամակները ցոյց կու տան, թէ որո՛նց դիմած է Յովհաննէս եպս. Սուրէնեանը եւ ի՞նչ պատասխաններ ստացած է անոնցմէ:

Վերոյիշեալ երկու նամակներէն կը տեղեկանանք, որ Ջուղայի առաջնորդը փորձած է ամէն գնով օգտակար հանդիսանալ Ռոստամխանին. դիմած է ժամանակի ազդեցիկ հայերու, որոնք թէ՛ Թեհրանի եւ թէ՛ Սպահանի մէջ մօտիկ կապեր ունէին պետական շրջանակներու հետ: Անոնք յարգուած անձնաւորութիւններ էին թէ՛ թագաւորին եւ թէ՛ Սպահանի քաղաքապետին կողմէ: Յովհաննէս սրբազան մինչեւ իսկ պահանջած է Սպահանի քաղաքապետէն պատժել Միրզա Մուհամադ Հուսէյնը, որ իր սուտ վկայութիւններով եւ զեկոյցներով վտանգած է Ռոստամխանի կեանքը:

Վերոյիշեալ 15 ապրիլ 1843 թուակիր Ռոստամխանի նամակէն երեք շաբաթ ետք, 6 մայիս 1843-ին հանրածանօթ բժիշկ Դաւիթխան Մ. Դաւթեանց, ի պատասխան սրբազանի դիմումին, հետեւեալ նամակը կը յղէ Թեհրանէն սրբազանին: Ստորեւ կը ներկայացնենք զայն` դարձեալ վերածելով արեւմտահայերէն աշխարհաբարի:

6 Մայիս 1843

Ի Թեհրան 1843

Սրբազա՛ն հայր,

 

Այս նամակը կը գրեմ Սողոմոնխանի որդի Աղա Ռոստամի մասին: Այստեղ մեծ աղմուկ բարձրացած է անոր վերաբերեալ: Այնտեղէն (Սպահանէն) մոլլաներն ու տաճիկներ (պարսիկները) թագաւորին նամակ գրած են: Կարելի է որ, Սպահանի մէջ մեծ խառնակութիւն ըլլայ: Լաւագոյնը այն է, որ աղա Ռոստամը գայ այստեղ` Թեհրան: Ամէն կերպով կը մխիթարուի: Այստեղ ոչ ոք կրնայ բռնանալ անոր վրայ: Հետեւեցէք, գուցէ Սողոմոն խանը իր որդւոյն ուղարկէ այստեղ:

Խաղաղութեան մէջ մնաք:

Մնամ Ձերդ

Բարձր Սրբազնութեանդ

ամենախոնարհ ծառայ

Դաւիթխան

Մ. Դաւթեանց

Մեզի ծանօթ չէ, արդեօք սրբազանը,  ընդառաջելով Դաւիթխանի խորհուրդին կրցա՞ւ համոզել Սարթիփ Սողոմոնխանը, որպէսզի իր զաւակը ուղարկէ Թեհրան առ ի ապահովութիւն, բայց գիտենք, որ գրեթէ նոյն օրերուն առաջնորդ Յովհաննէս եպիսկոպոսը ստացաւ ուրիշ նամակ մը Թեհրանէն, մէկ այլ շատ ազդեցիկ հայ անձնաւորութենէ, որուն եւս շատ հաւանաբար դիմած էր Ռոստամխանի խնդրին առնչութեամբ: Ափսո՜ս, որ գեղեցիկ ձեռագրով եւ ոճով շարադրուած այդ նամակի հեղինակի անունն ու ազգանունը յստակօրէն նշուած չեն նամակին տակը, այլ լոկ ստորագրութիւն մը կայ, որ դժբախտաբար անընթեռնելի է:

Այս նամակին մէջ եւս կան շարք մը կարեւոր տեղեկութիւններ, որոնք թէեւ նոր լոյս կը սփռեն Ռոստամխանի պատմութեան վրայ, սակայն միաժամանակ մեզ կը դնեն նոր հարցականներու առջեւ: Բայց նախ ծանօթանանք անոր բովանդակութեան եւ ապա կատարենք մեր խորհրդածութիւնները: Անշուշտ նամակը վերածած ենք արեւմտահայերէն աշխարհաբարի, նախորդ գրութիւններուն նման:

Ձերդ Գերապայծառութիւն

Ողորմած Տէր

 

[Այս նամակը կը գրեմ] միրզա Ռոստամին պատահած դէպքին մասին: Որովհետեւ Իսֆահանի քաղաքապետը Մոհտէմէդն է եւ ինքն է միրզա Ռոստամի խնդրին միջնորդը, նախ Ձերդ Սրբազնութեան բողոքը յայտնեցի անոր. խոստացաւ, ինք քաղցրութեամբ ճարը գտնել [այս խնդրին] եւ ինձմէ խնդրեց Տէրութեան (թագաւորին) ոչինչ յայտնել այս մասին:

Ըստ Մոհտէմէդի տուած խոստումին, միրզա Ռոստամին որեւէ վնաս հասնելու չէ քրիստոնեայ մնալով եւ կրնայ առանց որեւէ կասկածի ընդունիլ [թագաւորի] խալաթը, [քանի որ զայն] բերողը Մոհտէմէդին սպասաւորն է եւ ոչ Շահի ծառաներէն մէկը:

Որպէսզի միամտուիք (վստահ ըլլաք), ահա Ձերդ Սրբազնութեան երկարօրէն կը գրէ նաեւ միրզա Դաւիթը: Այժմ այս գրութիւնները եթէ  բաւական չըլլան Ձերդ ողորմածութեան կասկածները փարատելու, պատրաստ եմ դիմելու Տէրութեան (թագաւորին), հակառակ [Իսֆահանի քաղաքապետ] Մոհտէմէդի կամքին:

[Գալով] միրզա Յուսէյնը պատժելու խնդրին, եթէ պատիժ տնօրինուի միրզա Յուսէյնին, [հարցի] քննութեան ժամանակ [միրզա Յուսէյնը] կրնայ միրզա Ռոստամին վրայ յանցանք դնել եւ այդ կերպով [Ռոստամի] գործը կրնայ դժուարանալ: Այս պատահարի բոլոր մանրամասնութեանց կրնաք տեղեկանալ, Մոհտէմէդին` միրզա Դաւիթին գրած նամակէն:

Այս նամակի վերջին պարբերութեան մէջ մեզի անծանօթ հեղինակը կ՛ակնարկէ այլ խնդրի մը «Վասն Գասկեն» ըսելով, որու վերաբերեալ նաեւ խօսած է Իսֆահանի քաղաքապետ` Մոհտէմէդին. յիշեալը խոստացած է բաւարարութիւն տալ Սրբազանի խնդրանքին, երբ վերադառնայ իր կատարելիք ճամբորդութենէն:

Ի՞նչ էր այդ խնդրանքը, բացատրուած չէ նամակին մէջ, քանի որ, ըստ երեւոյթին արդէն անցեալին խօսուած է այդ մասին:  Յամենայն դէպս, անիկա կապ չունի Ռոստամխանի մեզի ծանօթ հարցին հետ: Նամակը կ՛աւարտի հետեւեալ բառերով:

Խոնարհ ծառայ

Թեհրան 1843 ստորագրութիւն

Մայիսի 1ին    (անընթեռնելի)

 

Նոր Ջուղայի Ս. Բեթղեհեմ եկեղեցւոյ բարերարին եւ այլոց տապանաքարերը

Ցարդ մէջբերուած չորս գրութիւններէն` մէկ, Ռոստամխանի թաղման նկարագրութիւնը, առաւել` երեք նամակներ, հետեւեալ եզրակացութիւնները կարելի է հանել.-

ա.- Ոչ մէկ կասկած այն մասին, որ կազմակերպուած փորձ մը եղած է Ռոստամխանը իսլամացնելու: Այդ փորձը հանդիպած է անոր բուռն մերժումին. եւ որովհետեւ առանց իր գիտութեան, իր իսլամացած ըլլալու սուտ լուրը գրաւոր փոխանցուած է թագաւորին, ուստի վերջինս զինք պարգեւատրելու նպատակով խոստացած է խալաթ ուղարկել:

բ.- Այս խնդրին ոչ թէ միայն տեղեակ, այլ խալաթ ուղարկելու գործին միջնորդը եղած է Սպահանի քաղաքապետ, Մոհտէմէդ տիտղոսով ծանօթ, Մանուչէրխանը, որուն ներկայացուած է Ջուղայի առաջնորդին բողոքը:

գ.- Մոհտէմէդը մէկ կողմէն վստահեցուցած է առաջնորդ սրբազանը, որ «միրզա Ռոստամին որեւէ վնաս հասնելու չէ քրիստոնեայ մնալով», սակայն միաժամանակ յայտնած է, որ ան «կրնայ առանց որեւէ կասկածի ընդունիլ [թագաւորին] խալաթը»: Այս ըսուածին մէջ մենք հակասութիւն մը կը տեսնենք: Ի՞նչպէս Ռոստամխանը կրնար խալաթ ընդունիլ  եւ նոյն ատեն քրիստոնեայ մնալ, երբ այդ խալաթը կը տրուէր իրեն ի գնահատութիւն իր իսլամացած ըլլալուն: Արդեօք այստեղ կարելի չէ՞ քողարկուած խաղ մը կամ նպատակ մը տեսնել:

դ.- 1 մայիս 1843 թուակիր Թեհրանէն գրուած նամակին մեզի անծանօթ հեղինակը կ՛ակնարկէ միրզա Դաւիթին (Դաւիթխանին) երկար նամակին, որ պէտք է փարատէր առաջնորդ սրբազանին մտահոգութիւնները: Էնակօլօփեանց ընտանիքի թղթածրարին մէջ եղած Դաւիթխանի նամակը շատ համառօտ գրութիւն մըն է, որ այնքան ալ առաջնորդին վստահութիւն ներշնչող նամակ մը չէ, այլ զգուշութիւն թելադրող եւ ապահովական նկատառումներով Ռոստամխանը Թեհրան ուղարկելու առաջարկ մըն է:

ե.- Յիշեալ 1 մայիս 1843 թուակիր նամակին մէջ ակնարկ մը կայ Սպահանի քաղաքապետին կողմէ միրզա Դաւիթին գրուած նամակի մը, որուն միջոցով «այս պատահարի բոլոր մանրամասնութեանց կրնաք տեղեկանալ» կ՛ըսէ: Դժբախտաբար այդ նամակը, որ պէտք է պարսկերէն գրուած ըլլար, մեր արխիւին մէջ գոյութիւն չունի, որպէսզի կարենայինք տեղեկանալ այս պատահարին բոլոր մանրամասնութեանց:

Վերջապէս, նոյն նամակին հեղինակը կը փոխանցէ Սպահանի քաղաքապետին հետեւեալ երկու տեսակէտները: Նախ այս խնդրին մասին թագաւորին ոչինչ յայտնել, այլ խօսքով` թող որ թագաւորը չիմանայ, որ Ռոստամխանը երբեք ալ իսլամանալու մտադիր չէ, այլ կ՛ուզէ իր քրիստոնէական հաւատքին վրայ ամուր մնալ. ապա կը թելադրուի միրզա Հուսէյնը պատժելու մասին չմտածել:

Այս երկու կէտերը մեզի ենթադրել կու տան, որ Մոհտէմէդը կ՛ուզէ ըստ հնարաւորին գաղտնի պահել այս հարցը եւ աւելի չարծարծել, յատկապէս Թեհրան` թագաւորին մօտ:

Մենք կը վերադառնանք նոյն հարցումներուն: Ո՞վ կամ որո՞նք էին Ռոստամխանը իսլամացնել ուզողները եւ անով ի՞նչ նպատակ կը հետապնդուէր:

Վստահաբար միրզա Հուսէյնը լոկ պատուէրը կատարողն էր, սակայն այդ պատուէրին ետեւը կանգնողը կամ կանգնողները որո՞նք էին: Մեր տրամադրութեան տակ եղող գրութիւնները յստակ պատասխան մը չունին: Նոյնպէս մեզի համար այս հանգրուանին մութ կը մնայ հետապնդուած նպատակը: Սակայն մէկ բան շատ յստակ է եւ անվիճելի: Ռոստամխանը իսլամացնելու ձախող փորձին հետեւանքը կ՛ըլլայ ցաւալի: Հակառակ տրուած բոլոր խոստումներուն եւ կատարուած հաւաստիացումներուն, Թեհրանի մէջ թագաւորին ներկայանալէ ետք, երբ կը վերադառնայ Սպահան, ան կը մահանայ խորհրդաւոր պայմաններու մէջ` խոր սուգի մատնելով Նոր Ջուղան: Եթէ իր մասին գրուած նամակները կը լռեն մահուան պատճառին մասին, անոր տապանաքարին արձանագրութիւնը բարձրաղաղակ կը յայտարարէ, որ ան նահատակուած է իր քրիստոնէական հաւատքին ամուր կառչած ըլլալուն համար:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ տապանաքարին ագուցուած մարմարին վրայ գեղեցկօրէն փորագրուած արձանագրութիւնը` որպէս պերճախօս վկայութիւն անոր հաւատքին ու վախճանին:

 

ՀԱՆԳԻՍՏ
ՊԱՅԱԶԱՏ ՌՈՍՏԱՄԽԱՆԻ
ՍԱՄԸԴՕՎԼԷ ՍՈՂՈՄՈՆԽԱՆԵԱՆ
ԷՆԱԿՕԼՕՓԵԱՆՑ
Ի 17 ՀՈԿՏ. 1843
Ի ՀԱՍԱԿԻ 21 ԱՄԱՑ

————————————–

ՋԵՐՄ Ի ՀԱՒԱՏ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԱՏԵԱՑ ԶՇՈՒՔ ԱՇԽԱՐՀԻ
ԱՐԲ ԶՄԱՀ ԼԵԱԼ ՆԱՀԱՏԱԿ
ԹՈՂԼՈՎ ԶՕՐՀՆԵԱԼ ՅԻՇԱՏԱԿ

 

 

 

(Շար. 4)

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )