Վրաստանի Մէջ Պիտի Մարզուին Կերի Գասպարովի Ոճով

Ճատրակի աշխարհի 13-րդ ախոյեան Կերի Գասպարով Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ ներկայացուցած է իր կողմէ ստեղծուած ճատրակի համակարգչային ծրագիրը:

«Ա1+» կ՛աւելցնէ ըսելով, որ այս ծրագիրի շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է Թիֆլիսի առաջին փորձարարական դպրոցին մէջ:

Գասպարով միեւնոյն ժամանակ համացանցով ճատրակի դաս ալ կատարած է քանի մը վարժարաններու դպրոցականներուն հետ:

Ան իր խօսքին մէջ ըսած է. «Ճատրակը ոչ միայն մարզաձեւ մըն է, այլեւ երեխաները կրթելու ամէնէն աժան ձեւը: Ճատրակը կը նպաստէ անչափահասներուն տրամաբանական մտածողութեան եւ անոնց ընդհանուր զարգացման»:

Եզրափակելով «Ա1+» կը նշէ. «Վրաստանի կրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը սկզբնական այդ ծրագիրին օգնութեամբ ճատրակ խաղալ պիտի սորվեցնէ Վրաստանի 100 միջնակարգ դպրոցներուն մէջ: Ապա, անիկա պիտի տարածուի երկրին ամբողջ տարածքին»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )