Անչելոթթի Շատ Հաւանաբար Յաջորդէ Մուրինիոյի
Միջազգային լրատուական շարք մը ընկերութիւններու համաձայն, շատ հաւանաբար Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի նշանակուի Ռէալ Մատրիտի մարզիչ, այսպիսով յաջորդելով Ժոզէ Մուրինիոյի:
Ֆրանսական «Լը Փարիզիեն»-ի համաձայն, 53 տարեկան իտալացին պիտի փոխարինէ Մուրինիոն, որովհետեւ վերջինիս յարաբերութիւնները բաւական սրած են Ռէալի բազմաթիւ ֆութպոլիստներուն հետ:
Անչելոթթիով հետաքրքրուած են նաեւ Մանչեսթըր Սիթի, Լիվըրփուլ եւ Արսենալ:
Նշենք, որ նախապէս յայտարարուած էր, որ Ա. Էս. Ռոմա իր կազմին պիտի միացնէ Անչելոթթին:
CATEGORIES Մարզական