Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Աղիքային Հիւանդութիւններ» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 20 փետրուար 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Աղիքային հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց մարսողական համակարգի մասնագէտ տոքթ. Կարօ Յովսէփեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ աղիքային յաճախակի հիւանդութիւններ են պնդութիւնը, փորքշուքը, բայց կան նաեւ բարդ ու չարորակ աղիքային հիւանդութիւններ, որոնց գծով անհրաժեշտ է յատուկ մասնագիտացած քննութիւններ կատարելը եւ շուտափոյթ դարմանումի սկսիլը:
Տոքթ. Կարօ Յովսէփեան դասախօսութեան սկսաւ մանրամասն բացատրելով մարսողական համակարգը, անոր տարբեր բաժինները:
Մարսողական համակարգը հիմնական միջոցն է, որ սնունդի ճամբով կը հայթայթէ ջերմուժ` մարմնի բոլոր բաժիններուն: Դասախօսը ներկայացուց մարսողական համակարգի գլխաւոր աշխատանքները եւ անոնց բաժանումները:
Այս բաժինով բժիշկը թուեց գլխաւորաբար 3 սննդատեսակներ, զորս կ՛օգտագործենք.
1.- Քարպոհայտրէյտ ածխաջուրեր (հաց, միրգ, գետնախնձոր, բրինձ):
2.- Իւղեր (կարագ, ճարպ, ձիթապտուղի իւղ):
3.- Փրոթէին սպիտակուցներ (միս):
Յաջորդաբար ան թուեց գլխաւոր ախտանշանները, որոնք մարսողական համակարգի հիւանդութիւններու ախտաճանաչման հիմնական բաժինը կը կազմեն:
ա.- Սեւ կղկղանքը: Երբ ստամոքսային տարբեր հիւանդութիւններ յառաջացնելով ներքին արիւնահոսութիւն, անոր արդիւնքը կ՛ըլլայ սեւ կղկղանքը:
բ.- Արիւն փսխելը: Ասիկա կը պատահի, երբ կրկին անգամ ստամոքսային տարբեր հիւանդութիւններու պարագային ենթական արիւն կը փսխէ: Այս արիւնը կրնայ ըլլալ երկու գոյնի` սեւ կամ կարմիր:
գ-. Դժուարութեամբ կուլ տալը: Երբ այս երեւոյթը կը պատահի յաճախակի, ուր ենթական ջուր խմելով կը փորձէ կուլ տալ: Երկար ժամանակի անբուժելի պայմաններու մէջ պահելով վերոնշեալ երեւոյթը, կը հասնի այն աստիճանին, որ ենթական նոյնիսկ ջուր չի կրնար կուլ տալ:
դ.- Ստամոքսի թթուիլը: Յաճախ տարածուած երեւոյթ մըն է, երբ մարդիկ շարունակաբար կը գանգատին այս վիճակէն: Պատճառը ստամոքսի թթուին դէպի վեր բարձրանալն է, երբ ստամոքսի վերի բականը տարբեր պատճառներով լաւապէս չփակուելով, պատճառ կը դառնայ, որ ստամոքսի թթուն բարձրանայ դէպի վեր: Երկարատեւ թթուածութիւնը կրնայ յառաջացնել բորբոքումներ եւ տարբեր բարդութիւններ, քրոնիկ հազ:
ե.- Շարունակական (քրոնիկ) որովայնի ցաւը: Այս յաճախակի կրկնուող այն ցաւն է, որուն գծով պէտք է աչալուրջ ըլլալ ու դիմել բժիշկի:
զ.- Փորկապութիւնը եւ փորլուծութիւնը: Այս երկու իրար հակասող երեւոյթները յատկապէս 50 տարեկանէն վեր անհատներու մօտ բաւական լուրջ հարց է, եւ անոնց բուժման համար մասնագէտի միջամտութիւնը անհրաժեշտ է:
է.- Դեղնախտը: Շատ արագ ախտաճանաչուող երեւոյթ մըն է, երբ ենթակային աչքերու ճերմակ բաժինը վերածուելով դեղին գոյնի, բոլորին նկատելի կը դառնայ: Ասիկա տարբեր տեսակի լեարդային հիւանդութիւններու արդիւնք կրնայ ըլլալ: Դեղնախտը կրնայ ըլլալ նաեւ արեան տեսակի այլ հիւանդութիւններու պարագային:
ը.- Արեան տկարութիւնը: Ասիկա կրնայ ըլլալ շատ մը հիւանդութիւններու պարագային, իսկ մարսողական համակարգին մէջ պատահող արիւնահոսութիւնը կը յառաջացնէ արեան տկարութիւն:
թ.- Որովայնի (փորի) ընդլայնումը: Ախտագին վիճակ մըն է, մասնագէտ բժիշկի դիմելը անհրաժեշտ է:
Աւարտին տոքթ. Կարօ Յովսէփեան բացատրութիւններով եւ օրինակներով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:


