Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտանոց. Դասական Եւ Ժողովրդային Երաժշտութեան Ունկնդրութիւն
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցին, երէկ` հինգշաբթի, 21 փետրուարի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասական եւ ժողովրդական երաժշտութեան ունկնդրութիւն:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեան: Ան նկատել տուաւ, որ նման համերգներ կարեւոր են, որպէսզի աշակերտները իրենց ձիրքերը յայտնաբերեն հանրութեան դիմաց:
Յայտագիրին ելոյթ ունեցան երաժշտանոցի ուսուցիչներէն Յակոբ Քելուկեան` տուտուկ, Տաթեւիկ Արթինեան` դաշնակ եւ Շուշան Արթինեան` թաւջութակ: Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ երաժշտանոցի աշակերտներէն Նաթաշա Թոփաքեան, Մարիա Յակոբեան, Կարօ Գրիգորեան, Եսայի Սագայեան, Նարօտ Սուրճեան, Արեւիկ Սարգիս, Նարէ Աղասարգիսեան եւ Հրակ Տեմիրճեան:



