Ընդդիմադիր Ազգային Համաձայնական Մարմինը Կը Դատապարտէ. Ուժգին Պայթում Մը Ցնցեց Դամասկոսը
Երէկ 53 անձեր զոհուեցան եւ աւելի քան 200 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ Կեդրոնական Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ իշխող Պաաս կուսակցութեան կեդրոնատեղիին եւ Ռուսիոյ դեսպանատան մօտ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ:
Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց արարքը` զայն նկատելով «ահաբեկչական»` շեշտելով, որ քաղաքայինները թիրախ դարձնող որեւէ յարձակում մարդկութեան դէմ ոճիր եւ մարդկային իրաւանց ոտնահարում կը նկատուի, ով որ ալ ըլլայ ատոր հեղինակը:
Աւելի՛ն, հրասանդի ռումբ մը ինկաւ Մազրաա շրջանին մէջ գտնուող դպրոցի մը վրայ: Զոհերուն մեծամասնութիւնը աշակերտներ եւ շրջանի բնակիչներ էին: Երկրորդ ռումբ մը ինկաւ հիւսիսային Դամասկոսի Պարզա շրջանին մէջ գտնուող Համիշ դարմանատան մօտ: Ըստ այլ վարկածի մը, տեղի ունեցածները ականահարումներ էին, որոնցմէ ետք Թըշրին զինուորական դարմանատան եւ սուրիական ապահովական կեդրոնի մը մօտ բախումներ տեղի ունեցած են:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով Սուրիոյ մէջ ռուս դիւանագէտի մը խօսքերը, յայտնեց, որ պայթումը Ռուսիոյ դեսպանատան նիւթական մեծ վնասներ պատճառած է, սակայն մարդկային զոհեր չեն արձանագրուած:
Ռուսիա բուռն կերպով դատապարտեց իր դեսպանատան մօտ տեղի ունեցած պայթումը եւ «Սուրիոյ մէջ ծայրայեղականներուն եւ արմատականներուն վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր պետութիւններէն եւ կողմերէն» պահանջեց «ահաբեկչական» արարքներու անմիջական դադրեցումը պահանջել, որպէսզի Ժընեւի հաղորդագրութեան հիմամբ աւելի համապարփակ երկխօսութիւն կատարելու մթնոլորտ ստեղծուի:
Մինչ այդ, Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդավարական ճակատէն պաշտօնատար մը «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ ճակատի ընդհանուր քարտուղար Նայեֆ Հաուաթմէ Մազրաա շրջանին մէջ գտնուող ճակատի կեդրոնատեղիի ապակիներուն փշրուելուն պատճառով թեթեւօրէն վիրաւորուած է, սակայն Հաուաթմէ աւելի ուշ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ կապ հաստատելով հերքեց, թէ վիրաւորուած է:
Միւս կողմէ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին գոհունակութիւն յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումին արդիւնքներուն համար` նշելով, որ Ռուսիա Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպի երկխօսութեան կոչ ուղղող նախաձեռնութեան կը զօրակցի:
Ան ըսաւ, որ ինք կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի այն խօսքին, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Ժընեւի հաղորդագրութեան մէջ տեղ չունի: Ըստ Արապիի, «թուրքերը Սուրիոյ մէջ լուծումին մաս կը կազմեն եւ բացարձակապէս տագնապին մէկ մասը չեն»:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին կայքէջը` մէջբերելով Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութենէն (ՄԻԹ) աղբիւր մը, հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը մասնաւորաբար Հալէպի եւ Իտլիպի դէմ «Սքոտ» հրթիռներ արձակած է, եւ ըստ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկական տեղեկութեանց, մինչեւ օրս «Սքոտ» տիպի 40 հրթիռներ օգտագործուած են:
Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը յայտնեց, որ Ասատ չի կրնար Սուրիոյ մէջ տագնապի լուծման որեւէ բանակցութեան մաս կազմել:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրօ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Եգիպտոս աշխատանք կը տանի պատրաստելու սուրիական տագնապի լուծում մը, որ Եգիպտոսի, Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի հետ կեցուածքներու համակարգման համար հիմնուած է նախկին ջանքերուն վրայ, Խաթիպի առաջարկած գաղափարին ընդլայնումն է եւ կը ներառէ այլ կողմեր, որոնք երկխօսութեան հովանաւորը պիտի ըլլան, ինչպէս` Արաբական լիկան եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը: