Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԻՍՐԱՅԷԼԻ նախագահ Շիմոն Փերես կոչ ուղղեց Եւրոպական Միութեան Հըզպալլան նկատի ունենալու ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն ցանկին վրայ: Ան ըսաւ, որ Հըզպալլայի սուրերը աւելի շատ Լիբանանի ապահովութիւնը թիրախ կը դարձնեն, քան` Իսրայէլինը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պուլկարիոյ դեսպան Փլամին Զուլոֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զուլոֆ հաստատեց, որ Պուրկասի համալիրին մէջ գործուած պայթումին հարցով Պուլկարիա Եւրոպական Միութենէն չէ պահանջած Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին դասել:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ: Քննարկուեցան երեսփոխանական համախոհական օրէնքի մը շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու կարելիութիւնները: Ընտրական օրէնքին հարցով Ժահժահ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի հետ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը կը հակադրուի Լիբանանի ազգային ուխտին հետ եւ  լիբանանցիները կը մղէ բաժանումի եւ ծայրայեղութեան:

ԿԻՊՐՈՍԻ մէջ դատավարութեան ենթարկուող 24-ամեայ լիբանանցի մը` Թալեպ Հուսամ Եաագուպ, որ կը կրէր շուէտական անցագիր մը, խոստովանած էր, թէ ինք Հըզպալլայի անդամ է եւ կ՛աշխատի Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն մէջ` կուսակցութեան իրեր փոխադրելու նպատակով:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի անդամներ ու համակիրներ երէկ փակեցին Սայտայի մայր պողոտան` արգիլելու համար Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի կողմէ Սայտայի մայր հրապարակին վրայ երէկ կատարուելիք նստացոյցը:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ Ապի Սամրա շրջանին մէջ նախանցեալ երեկոյեան արձանագրուեցան կրակոցներ, որոնք պատճառեցին չորս վիրաւոր: Նշենք, որ կրակոցները պատահեցան շէյխ Նաժի Քանաանի բնակարանին մօտ: Բանակը անմիջապէս ուղղուեցաւ Ապի Սամրա եւ շրջափակեց կրակոցներուն վայրը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ընդդիմադիր քաղաքական ուժեր «Լիուա» օրաթերթին յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միակ ընտրանքը համախոհական ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելն է: Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Մարտ 14-ի իր դաշնակիցներուն հետ` համաձայնութիւն մը գոյացնելու ընտրական օրէնքի մը շուրջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու օրինագիծն է:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, գրած է, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն համախոհական ընտրական օրէնք մը գոյացնելու դէմ դռները չէ փակած:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու դաշինքը շատ աւելի խոր արմատներ ունի, քան ընտրական օրինագիծին մասին անոր մօտ արձանագրուած տարակարծութիւնները:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժեր յայտնեցին, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը խորհրդարանի լիագումար նիստի պիտի չհասնի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը փափաք յայտնած է Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկողութեան նպատակով միջազգային դէտերու պատուիրակութիւն մը գործուղել Լիբանան:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը կը բաժնէ Լիբանանը եւ կարելի չէ երեսփոխանական ընտրութիւնները այդ օրէնքին հիման վրայ կատարել:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի, պետական նախարար Ահմետ Քարամէի եւ երեսփոխան Պութրոս Հարպի հետ:

Նշենք, որ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )