Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Իր Բաց Գործադուլին Կողքին Նստացոյց Մը Կատարեց Կրթութեան Նախարարութեան Դիմաց

Ուսուցիչներու նստացոյցը` կրթութեան նախարարութեան առջեւ

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ երրորդ օրն ըլլալով շարունակեց իր բաց գործադուլը:

Խորհուրդը իր կեդրոնական նստացոյցը կատարեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան դիմաց:

Խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ իրենք ցարդ կազմած են նախարարութիւններու մակարդակի յանձնախումբեր եւ հետեւողական կերպով կը կատարեն այդ աշխատանքը:

Ան հաստատեց, որ գետնի վրայ կրնայ յաղթել միայն հզօրը` աւելցնելով, որ իրենք օրըստօրէ կը հզօրանան:

Ղարիպ կոչ ուղղեց մնացեալ ուսուցիչներուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու բաց գործադուլին ու նստացոյցերուն եւ հաստատեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն պահանջը կը վերաբերի նաեւ անոնց շահերուն:

Ղարիպ շեշտեց, որ իրենք կը սպառնան որեւէ տնօրէնի, նախարարի կամ պատասխանատուի, որ կը յանդգնի ուսուցիչ մը դուրս դնել իր պաշտօնէն:

Իր խօսքը ուղղելով ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի` Ղարիպ յայտնեց, որ ան պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները եւ վարուի իր մշակած ծրագիրին համաձայն:

Սեփական վարժարաններուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ կառավարութիւնը պատասխանատու է յայտարարուած բաց գործադուլին:

Մահֆուտ յայտնեց, որ այսօր նստացոյց պիտի կատարուի երկրագործութեան նախարարութեան դիմաց:

 

Share this Article
CATEGORIES