Միքաթի. «Ծոցի Երկիրներուն Հետ Լիբանանի Յարաբերութիւնները Այս Կամ Այն Կողմին Յայտարարութիւններէն Չեն Ազդուիր»
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ Ծոցի երկիրներու դեսպաններուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու է արաբական ու Ծոցի երկիրներուն հետ իր ունեցած յարաբերութիւններուն եւ կը զգուշանայ անոնց ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալէ:
Ծոցի երկիրներու դեսպաններու շարքին էին Լիբանանի մէջ Քաթարի, Օմանի, Քուէյթի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանները:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ կարգ մը քաղաքական ղեկավարներու կատարած այս կամ այն յայտարարութիւնները կառավարութեան պաշտօնական կեցուածքներուն հետ ոչ մէկ կապ ունին: Ան կոչ ուղղեց բոլորին նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելու եւ Լիբանանը չէզոք պահելու շրջանային եւ միջազգային տագնապներէն ու անոնց հաւանական հետեւանքներէն:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն յարաբերութիւնները այս կամ այն կողմին յայտարարութիւններէն չեն ազդուիր:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ֆուատ Պութրոսի հետ:


