Նախագահ Սլէյման Եւ Նեպիհ Պըրրի Կը Շնորհաւորեն Հայաստանի Նախագահը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ եւ շնորհաւորեց զայն անոր վերընտրութեան առիթով:
Նախագահ Սլէյման յաջողութիւն մաղթեց Սերժ Սարգսեանի` հաստատելով, որ լիբանանեան-հայաստանեան բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները հեզասահ կերպով պիտի շարունակուին եւ հայ ու լիբանանցի ժողովուրդներուն միջեւ գործակցութիւնը նոյն ոգիով կը շարունակէ զարգանալ եւ ամրապնդուիլ:
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր ջերմագոյն շնորհաւորութիւնները փոխանցեց նախագահ Սարգսեանի` շեշտելով, որ անոր վերընտրութիւնը կ՛ապացուցէ, թէ հայ ժողովուրդը յաջորդ հինգ տարիներուն համար վերահաստատած է Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ իր վստահութիւնը:
Պըրրի յաջողութիւն մաղթեց նախագահ Սարգսեանի ստանձնած առաքելութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան