Նախագահ Սլէյման Նամակ Մը Ստացաւ Բրիտանիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնէն

Հէյկ եւ նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկը, որ նախագահ Սլէյմանի յանձնեց Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնէն նամակ մը, որուն մէջ շեշտեց Բրիտանիոյ զօրակցութիւնը Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական, մարդկային թէ զինուորական մարզերուն մէջ Լիբանանին նեցուկ կանգնելու Բրիտանիոյ պատրաստակամութիւնը:

Քամերոն հաստատեց նաեւ, որ Բրիտանիա Լիբանանին գումարներ պիտի տրամադրէ` օժանդակելու համար Սուրիայէն Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն:

Նախագահ Սլէյմանի եւ Հէյկի միջեւ հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը:

Քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Հէյկ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ուղղելիք իր պատգամը պիտի ըլլայ հետեւեալը. «Ժամանակն է հեռանալու իշխանութենէն»: Ան աւելցուց, որ իւրաքանչիւր երկիր, ուր յեղափոխութիւններ տեղի կ՛ունենան, կարիքը կ՛ունենայ քաղաքական խաղաղ իշխանափոխութեան:

Հէյկ ողջունեց Լիբանանի կողմէ սուրիացի գաղթականներուն ցուցաբերուած հիւրընկալումն ու օժանդակութիւնը եւ աւելցուց, որ Լոնտոն պիտի բարձրացնէ Լիբանանին կատարուած իր օժանդակութիւններուն համեմատութիւնը: Ան բարձր գնահատեց Լիբանանի կառավարութեան կողմէ Պուլկարիոյ իշխանութիւններուն հետ գործակցելու քայլերը, յատկապէս Պուրկասի համալիրին պայթումին առնչութեամբ:

Եւրոպական Միութեան կողմէ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութեանց ցանկին վրայ զետեղելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հէյկ յայտնեց, որ եթէ նման բան պատահի, ապա անիկա պէտք չէ ազդէ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներքին ապահովական կայունութեան վրայ:

Հէյկ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ յարգել երկրին սահմանադրութեամբ ճշդուած երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Ռայի պատրիարք եւ նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը: Քննարկուեցան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, եւ Ռայի պատրիարքը դարձաւ նախագահական պալատի ճաշի հիւրը:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ուիլիըմ Հէյկը` ընկերակցութեամբ դեսպան Ֆլեչըրի:

Հանդիպումին ընթացքին Հէյկ շեշտեց, որ Լոնտոն առաւելագոյնս կը զօրակցի Լիբանանի կայունութեան` աւելցնելով, որ հակառակ իր դիմագրաւած ներկայ կացութեան, Լիբանան տնտեսական առումով բարգաւաճումի մեծ առիթներ ունի:

Իր կարգին, Պըրրի կոչ ուղղեց, որ Բրիտանիան, Եւրոպական Միութիւնն ու միջազգային ընտանիքը Սուրիոյ տագնապը լուծեն քաղաքական կերպով եւ երկխօսութեան ընդմէջէն, որպէսզի Միջին Արեւելքն ու Լիբանանը կարենան փրկել շատ վտանգաւոր մարտահրաւէրներէ:

Պըրրի կոչ ուղղեց բրիտանական հաստատութիւններուն քաջալերելու Լիբանանի մէջ ներդրումները:

Եարզէի Մէջ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Հէյկը եւ ներկայութեամբ լիբանանեան բանակի բարձրաստիճան զինուորականներուն Հէյկի հետ քննարկեց լիբանանեան եւ բրիտանական բանակներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրուած բրիտանական օժանդակութիւնները:

Զօր. Քահուաժի շնորհակալութիւն յայտնեց բրիտանական իշխանութիւններուն` անոնց ցուցաբերած օժանդակութիւններուն համար:

Իր կարգին, Հէյկ շեշտեց, որ Լոնտոն մեծ վստահութիւն ունի լիբանանեան բանակին դերակատարութեան վրայ` իրականացնելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու դիմադրելու համար ահաբեկչութեան:

Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ լիբանանեան եւ բրիտանական բանակին միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու, որպէսզի լիբանանեան բանակին կռուելու կարողութիւնները կարելի ըլլայ բարձրացնել, ինչպէս նաեւ մասնայատուկ ուժերուն մարզումը ֆինանսաւորել:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )