Մխիթարեանի Նշանակած 3 Կոլերն Ալ Չեղեալ Նկատուեցան

Football365.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Շախտիոր Տոնեցք, 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած է սերպ Ցրվենա Զվեզտայի հետ` բարեկամական մրցումի մը ընթացքին:

Ուքրանական կազմին հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Մխիթարեան երեք առիթով թէեւ կոլ նշանակեց, սակայն այդ երեք կոլերն ալ չեղեալ նկատուեցան, որովհետեւ իրաւարարը յայտնեց, որ 6-րդ, 28-րդ եւ 72-րդ վայրկեաններուն Մխիթարեան կոլ նշանակելու ընթացքին կը գտնուէր օֆ-սայտ դիրքին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )