Թենիս. «Քոփա Քլարօ»-ի Մրցաշարք. Նալպանտեան Յաղթանակով Սկսաւ

Արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պուէնոս Այրեսի մէջ (Արժանթին) տեղի ունեցող «Քոփա Քլարօ»-ի միջազգային մրցաշարքին, յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը, երբ 6-3, 2-6 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց արժանթինցի Քարլոս Փերլոքը:

Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 1 ժամ 53 վայրկեան:

Քառորդ աւարտականի իր տոմսը ապահովելու համար Նալպանտեան պէտք է յաղթէ սպանացի Տաւիտ Ֆերերի, որ իր կարգին յաղթանակ արձանագրած էր` պարտութեան մատնելով այլ արժանթինցի մը` Ակիւսթէն Վելոթթին:

 

Share this Article
CATEGORIES