Ճատրակ. Ռոշֆորի Մրցաշարք. Կարէն Գրիգորեանի Առաջին Պարտութիւնը
Ֆրանսական Ռոշֆոր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող Կարէն Գրիգորեան կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը, երբ սեւ քարերով տեղի տուաւ վրացի Տէյվիտ Չուչուային:
Հակառակ անոր սակայն, Գրիգորեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 5,5 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը:
Կրանտմասթըր Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ այս հանգրուանին ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ֆրանսացի Անտրէ Ինսթրաթեսքուի հետ, այժմ 5 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:
8-րդ հանգրուանին Գրիգորեան ճերմակ քարերով պիտի մրցի հնդիկ Քորի Ասարջայի դէմ, իսկ Տէր Սահակեան սեւ քարերով` ֆրանսացի Քենթին Լոսոյի դէմ:
CATEGORIES Մարզական

