«Ոչի՛նչ, Մի 4-5 Տարի Էլ Դիմացէք, Անպայման Լաւ Ընտրութիւններ Ենք Անելու»…

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

2013-ի նախագահական ընտրութեանց քաղաքական զաւեշտը վերջ գտաւ Հայաստանի մէջ:

Ինչպէս որ ընտրութեանց համար խնամքով մշակուած բեմագրութիւնը կը նախատեսէր, պետական իշխանութեանց նախագահական թեկնածուն ստացաւ քուէներուն աւելի քան 58 տոկոսը (նախատեսուածէն քիչ մըն ալ աւելի), իսկ քուէարկութեանց մասնակցեցան ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն աւելի քան 61 տոկոսը (նախատեսուածէն քիչ մը պակաս):

Ընտրազանգուածի ընդդիմադիր հատուածին սիրտը զովացնող անակնկալի բաժին ալ ունեցաւ քուէարկութեանց արդիւնքը: Նախագահական ընտրապայքարի ընդդիմադիր թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննիսեան ստացաւ քուէատուփ նետուած քուէներուն շուրջ 37 տոկոսը, ինչ որ բաւարար հիմք տուաւ «Ժառանգութեան» ներկայացուցիչին աւետելու «ժողովրդի յաղթանակ»-ը: Նաեւ կոչ ուղղելու գործող նախագահին, որ ընդունի քաղաքական այդ իրողութիւնը եւ կարգի հրաւիրէ ընտրախախտումներ կատարած իր կողմնակիցները…

Հակառակ գործող իշխանութեանց կատարած լուրջ ընտրախախտումներուն քուէարկողներու շուրջ 37 տոկոսին վստահութեան արժանացած թեկնածուի իր իրաւունքով` Րաֆֆի Յովհաննիսեան փետրուար 19-ին ի վերջոյ ազդարարեց.

«Վերջին անգամ կոչ եմ անում` իր (կ՛ակնարկէ նախագահ Սերժ Սարգսեանին – Ն. Պ.) իրաւասութեան, իր ենթակայութեան տակ աշխատող շտաբի պետերին, մարզպետներին, գիւղապետներին, քաղաքապետներին, բոլոր ենթականերին յետ կանչել այդ հակահայկական, հակասահմանադրական եւ հակաժողովրդավարական գործելաոճից, որովհետեւ այս անգամ ոչ մի բան ժողովրդին յետ չի պահելու իրեն պատկանող յաղթանակից»:

Դժուար է ստուգապէս նախատեսել, թէ քուէարկութեանց մօտաւոր արդիւնքով պաշտօնապէս յաղթանակած գործող նախագահը ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ իր մրցակիցներու ախոյեանին այսօրինակ յայտարարութեան, կոչին կամ ազդարարութեան:

Եթէ նախագահ Ս. Սարգսեան բառախաղ չէր ըներ փետրուար 18-ին` իր քուէարկած ընտրամասին մէջ յայտարարելով, թէ քուէարկեց յօգուտ Հայաստանի «ապագային», այդ պարագային անակնկալի պէտք չէ գալ, եթէ յետընտրական զարգացումները հունաւորողի իր նախագահական դիրքէն Սերժ Սարգսեան գործնապէս ընդառաջէ իր կողքին կամ հովանիին տակ յայտնուած օրինազանցները այս կամ այն ձեւով պատժելու Րաֆֆի Յովհաննիսեանի կոչ-ազդարարութեան:

Նոյնիսկ պէտք չէ բացառել, որ Հայաստանի գործող նախագահը գործակցութեան հրաւէր ալ ուղղէ «Ժառանգութեան» առաջնորդին` գործադիր իշխանութեան բարձր աստիճանի պաշտօն առաջարկելով:

Ի վերջոյ նախագահ Սարգսեան քաղաքական այն գործիչներէն է, որոնք իրենց ընտրանքի հաւանականութեանց կարկինը երբեք չեն նեղցներ եւ չեն բացառեր ամէնէն անհաւանական կարծուած գործակցութիւններն անգամ: Մանաւանդ որ նաեւ քաղաքական իր նկարագրով` Հայաստանի նախագահը որքան աններող է իրեն կռնակ դարձնողներուն նկատմամբ եւ անպայման կը ցաւցնէ ու զղջումի կը մղէ նմանները, նոյնքան ալ երախտագէտ մարդու տեսակ է եւ չի մոռնար փոխադարձելու իրեն ի նպաստ կատարուած «բարիք»-ը:

Իսկ Րաֆֆի Յովհաննիսեան փաստօրէն ոսկեզօծ ափսէի վրայ, «ժողովրդավարական» ընտրապայքարի խաբկանքը համոզիչ եւ ընդունելի դարձնող «մրցապայքար» մը ընծայաբերեց գործող նախագահին, որ սովորութիւնը չունի երախտամոռ ըլլալու: Աւելի՛ն. նոյնիսկ երբ փետրուար 19-ին «Ժառանգութեան» առաջնորդը գործող նախագահէն կիրթ լեզուով հաշիւ պահանջեց իշխանութեան թոյլատրած ընտրախախտումներուն համար, իր այդ մեղադրականի հիմքին Րաֆֆի Յովհաննիսեան չմոռցաւ, այլեւ յատուկ կարեւորութեամբ երախտիքի խօսք ուղղեց Սերժ Սարգսեանին ունեցած արժէքաւոր ներդրումին ինչպէս Արցախի ազատագրութեան պայքարին, նոյնպէս եւ հայոց բանակի կազմութեան մէջ:

Հետեւաբար Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի հետագայ զարգացումները ինչպիսի՛ խմորում կամ դրսեւորում ալ ունենան, մտահան պէտք չէ ընել, որ 2013-ի նախագահական ընտրապայքարին քաղաքական բեմադրութիւնը «ժողովրդավարական» դարձուցին, իրենց մրցակցային, բայց լրացուցիչ դերակատարութեամբ, քուէներու առաւելագոյն տոկոսները ստացած Սերժ Սարգսեանն ու Րաֆֆի Յովհաննիսեանը:

Միաժամանակ կարելի չէ անտեսել, որ իր ներքաղաքական թէ արտաքին-քաղաքական զարգացումներու մրցադաշտով Հայաստան անխուսափելիօրէն մաս կը կազմէ մեծապետական ուժերու շրջանային մրցապայքարի ընդգրկուն ու մեծ քարտէսին:

Կը նշանակէ, որ ընտրապայքարի պսպղուն կարգախօսերէն անդին` յետընտրական Հայաստանը դէմ յանդիման կանգնած է բազում անյայտներով ծանրաբեռնուած ապագայի անորոշութեան առջեւ:

Այդ առումով ալ որքան դիպուկ է «Առաւօտ» թերթի կայքէջով 19 փետրուարին շրջանառութեան մէջ դրուած Gibindus գրչանունով ընթերցողի մը այն նամակը, որ ամենայն սրտբացութեամբ եւ երեւանեան բառապաշարով կը հնչեցնէ արդէն ահազանգը.

«Ինչքա՜ն ողորմելի վերջաբան կը լինէր նախագահական ընտրութիւնների համար, եթէ Րաֆֆին էլ հաւաքէր 4-5 տոկոս ձայներ: Իսկ հիմա կարելի է զառանցել համարեա՛ ազնիւ եւ համարեա՛ բնական ընտրութիւնների մասին: Տեսնես ինքը` Րաֆֆին հաւատո՞ւմ է, թէ այդքան ձայն իսկապէս հաւաքել է: Ի՞նչ իմանաս` կարող է ու հաւատում է: Համարեա՛ հայ, համարեա՛ ազնիւ, համարեա՛ կրթուած տղայ է… Ու հիմա բոլորս իրար հետ` «Արա տեսա՞ք, քիչ էր մնում բնական անցնէին ընտրութիւնները: Ոչի՛նչ, մի 4-5 տարի էլ դիմացէք, անպայման լաւ ընտրութիւններ ենք անելու»: Լաւ ա, չէ՞…»:

Երբեւիցէ կ՛ունենա՞նք արդեօք, ի վիճակի կ՛ըլլա՞նք նուաճելու ազատ ու արդար ընտրութիւններ:

Վարագոյրը տակաւին նոր կ՛իջնէ վերջին ընտրութեանց բեմադրութեան վրայ եւ դժուար է հաստատակամ պատասխան տալ:

Անկասկա՛ծ մտահոգիչ է ու ծանր` անհեռանկա՛ր գալիքը:

Իսկ Հայաստանն ու հայութիւնը արժանի են լաւագո՜յն վաղուան:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )