Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւնները:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայէն, որուն հետ համաձայնեցաւ առկայ պահելու խորհրդակցութիւնները:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ քրիստոնեայ ղեկավար մը յայտնեց, որ քաղաքական արտակարգ ջանքեր ի գործ կը դրուին` յանգելու համար ընտրական համախոհական օրինագիծի մը:
ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ երեկոյեան Պքերքէի հանդիպումին ներկայ գտնուած ղեկավարներէն մէկը «Նահար» օրաթերթին յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մնայուն կերպով չի պարտադրեր Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին որդեգրումը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին համար յատկացուելիք խորհրդարանի լիագումար նիստը հակասահմանադրական պիտի ըլլայ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ընտրական օրէնքին որդեգրումը ուղղակիօրէն կապուած է երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն տարբեր տեսակէտներուն միջեւ փոխանակում կատարելու: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ ոմանք չեն փափաքիր երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել, ինչպէս նաեւ կան այլ կողմեր, որոնք կը փորձեն կառավարութիւնը իշխանութեան վրայ պահել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ բոլորը ունին աշխատանքի ժամկէտեր, որոնք պէտք է յարգուին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին մասնակցութիւնը կառավարութեան կազմին մսխում է «Իպրա Մուսթահիլ» գիրքին մէջ նշուած տեղեկութիւններուն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի երեսփոխանական ընտրութիւններու յետաձգում, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնք մը, որ կը ջնջէ 1960-ի ընտրական օրէնքը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը Սուրիոյ հետ սահմանները փակելու որոշում չէ տուած, եւ կոչ ուղղեց կառավարութեան մնալու իր կեցուածքին վրայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան, երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը յանդգնած է քաղաքական եւ զինուորական պայքար մղել, երբ ոչ ոք համարձակած է դիմել այդ քայլին:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները կը նկատուին ներքին քաղաքացիական թշնամութեան եւ պայքարի մը նախանշանները:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ ան յստակ ընտրական օրինագիծի մը չի զօրակցիր, այլ կը հովանաւորէ համախոհական ընտրական օրինագիծ մը: