Փոխվարչապետը Նախագահեց Նախարարական Նիստի Մը
Փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել երէկ նախագահեց նախարարական նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ լիբանանցի կիներուն կողմէ իրենց զաւակներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու իրաւունքը:
Նիստը գումարուեցաւ վարչապետարանին մէջ` ներկայութեամբ նախարարներ Մարուան Շարպելի, Ուալիտ Տաուքի, Ատնան Մանսուրի եւ Սելիմ Ժրայսաթիի: Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Շաքիպ Քըրթպաուի:
CATEGORIES Լիբանանեան


