Մաթար Եպիսկոպոսը Ճաշկերոյթ Մը Կը Սարքէ Ի Պատիւ Ասիրիի
Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը երէկ ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրիի:
Ասիրի յայտնեց, որ Պէյրութի մէջ վկայուած ամէնէն գեղեցիկ պատկերը Մոհամետ Ամին մզկիթին եւ Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ պատկերն է կողք-կողքի:
Ասիրի կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ պահպանելու ազգային համերաշխութիւնն ու երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնն ու համագործակցութիւնը:
Իր կարգին, Մաթար եպիսկոպոս վերահաստատեց Ասիրիի կատարած յայտարարութիւնները` ընդգծելով, որ իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնները մարդկային փրկութեան հաստատ քայլերն են, ինչպէս նաեւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան գրաւները:
CATEGORIES Լիբանանեան