Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, ապա` Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւնները:
Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Տանիել Թենըսին, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան զինուորական կցորդը:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ ռումանական բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
CATEGORIES Լիբանանեան