Մանսուր – Էխհորեսթ Հանդիպում

Մանսուր եւ Էխհորեսթ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Էխհորեսթ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը մաղթէ, որ Լիբանանի մէջ կարելի ըլլայ ընտրական համախոհական օրէնք մը որդեգրել եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:

Էխհորեսթ նշեց, որ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները չյետաձգելը անհրաժեշտ է:

Քննարկուեցան նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանը յուզող ներքին հարցերը, որոնց շարքին նաեւ ապահովական իրադարձութիւնները:

Մանսուր ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )