Վ. Սապունճեան. «Լիբանանի Նկատմամբ Աշակերտներուն Հաւատքը Մղած Է Զիրենք Այս Աշխատանքին»

Նախարար Սապունճեան կ՛այցելէ աշակերտական տաղաւարները

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ այցելեց Հազմիէի Էլիզէ դպրոցը, ուր կազմակերպուած էր լիբանանեան ճարտարարուեստին զօրակցական շաբաթ մը, որուն մաս կազմած էին աշակերտները:

Լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզին զօրակցութեան եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` ներկայութեամբ նախարար Սապունճեանի, որ այցելեց աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած զանազան տաղաւարները:

Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ Լիբանանի նկատմամբ աշակերտներուն հաւատքը մղած է զիրենք ձեռնարկելու այս աշխատանքին:

Ան հաստատեց, որ իրենց միասնականութեամբ եւ գործակցութեամբ է, որ կարելի կ՛ըլլայ պահպանել երկրին ճարտարարուեստը, հաստատութիւններն ու գործարանները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )