Սայտայի Մէջ Շէյխ Ասիր Կը Տարածէ Իր Զինեալները, Մինչ Շարպել Կը Հերքէ Անոնց Գոյութիւնը
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր երէկ կէսօրէ ետք տարածեց իր զինեալները` յայտնելով, որ Ապրայի մէջ կան երկու բնակարաններ, որոնք բնակուած են Հըզպալլայի համակիրներով: Ան աւելցուց, որ Հըզպալլայի համակիրներ սպառնացած են զինք սպաննել եւ այդ պատճառով է, որ ինք մզկիթին շուրջ տարածած է իր զինեալները:
Որոշ աղբիւրներ նշեցին նաեւ, որ ուրբաթ օրուան նամազին ընթացքին շէյխ Ասիր կոչ ուղղած է իր համակիրներուն նահատակուելու պատրաստ ըլլալու:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ Սայտայի մէջ զինեալներ չկան` աւելցնելով, որ երկրին մէջ կայ զինեալ գոյութիւնը արգիլող որոշում:
Շարպել նշեց, որ ապահովութեան ուժերը անպայման պիտի կասեցնեն բոլոր զինեալները եւ անոնցմէ պիտի պահանջեն յանձնել իրենց զէնքերը: «Իսկ եթէ պատահի, որ անոնք չընդառաջեն, ապա անոնց դէմ կրակ պիտի բացուի», ըսաւ Շարպել:
Շարպել նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի դատական իշխանութիւնները պէտք է բերման գիրեր հրապարակեն` դիտել տալով միաժամանակ, որ Ապրայի մէջ գտնուող նշեալ բնակարանները իրենք ստուգած են եւ նշմարած, թէ ոչ ոք կը գտնուի անոնց մէջ:
Հակառակ Սայտայի մէջ լիբանանեան բանակին դիրքաւորումին, Նասըրական շարժումի նախագահ Ուսամա Սաատ խստիւ դատապարտեց Ապրայի մէջ զինեալ շրջափակումը եւ բնակիչները սարսափի մատնելու արարքը:
Սաատ յայտնեց, որ այդ քայլերը արդարացուցիչ ոչ մէկ պատճառաբանութիւն ունին: Ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Սայտայի մէջ տիրող կացութիւնը: