Նախագահ Սլէյման Ժեմայէլի Հետ Քննարկեց Պքերքէի Հանդիպումին Մանրամասնութիւնները

Նախագահ Սլէյման եւ Ամին Ժեմայէլ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւններն ու յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող օրինագիծերը:

Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան նախանցեալ օր Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած քրիստոնէական ընդարձակ հանդիպումին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան խորհրդարանին մէջ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու առումով ի գործ դրուած ջանքերը` սահմանադրութեան յարկին տակ:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ որդեգրուած ապահովական քայլերը` բարելաւելու համար երկրին կացութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարն ու ծովային, ցամաքային եւ օդային սահմաններուն վրայ տիրող կացութիւնը:

Նշենք, որ նախագահական պալատին այցելուներէն էր նաեւ նախկին նախարար Մահմուտ Օուատ:

Share this Article
CATEGORIES