Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Յառաջիկայ Երկուշաբթի Օր Կեդրոնական Դրամատան Դիմաց Կը Սկսի Մագլցողական Քայլերու
Չորրորդ օրն ըլլլալով, երէկ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը իր նստացոյցը կատարեց երկրագործութեան նախարարութեան դիմաց` ներկայութեամբ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու հոծ բազմութեան:
Խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ խորհուրդին այս շարժումին նպատակը միայն աշխատավարձերու յաւելումը չէ, այլ` միացեալ Լիբանանի կերտումը: Երկիր մը, ուր համեստ դասակարգին եւ աշխատաւորներուն ձայնը լսելի կը դառնայ:
Ղարիպ շեշտեց, որ այսօր կեդրոնական նստացոյցը տեղի պիտի ունենայ Յաւելուած արժէքի տուրքի կեդրոնին դիմաց` աւելցնելով, որ յառաջիկայ երկուշաբթի օր խորհուրդը Կեդրոնական դրամատան դիմաց պիտի սկսի մագլցողական քայլերու:
Ղարիպ աւելցուց, որ երկուշաբթի օրուան հաւաքն ու նստացոյցը միայն Կեդրոնական դրամատան դիմաց պիտի չըլլայ, այլ պիտի ներառէ անոր մօտակայ նախարարութիւնները, ինչպէս` տեղեկատուութեան նախարարութիւնը, զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը եւ ներքին գործոց նախարարութիւնը:
Սեփական վարժարաններու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ անդրադարձաւ Թրիփոլիի մէջ ուսուցիչներու դէմ որդեգրուած քայլերուն` աւելցնելով, որ ուսուցիչին կողմէ դասադուլի մասնակցելու իրաւունքը օրինական է եւ ոչ ոք պէտք է սպառնայ ուսուցիչը գործէ արձակել:
Մահֆուտ հաստատեց, որ սենտիքան այս առումով լուռ պիտի չմնայ եւ դատական հարց պիտի յարուցէ տուեալ դպրոցին ու տնօրէնին դէմ:

