Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ընդառաջելով Ազրպէյճանի Պահանջին Կը Յայտարարէ. «Սերժ Սարգսեանին Ուղղուած Շնորհաւորանքը Կատարուած Է Թրքական Դիւանագիտութեան Աւանդութիւններուն Համապատասխան»
Ի պատասխան ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան թրքական գրասենեակի հարցադրումին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նամակի մը մէջ կը նշէ, որ նախագահ վերընտրուելու կապակցութեամբ Սերժ Սարգսեանի յղուած շնորհաւորական ուղերձը կատարուած է թրքական դիւանագիտութեան աւանդութիւններուն համապատասխան:
Նախարարութենէն նշած են, որ ինչպէս նախապէս, հիմա եւս այլ երկիրներու մէջ ընտրութիւններու արդիւնքներուն յայտարարումէն ետք կ՛ուղարկուին շնորհաւորական ուղերձներ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Թուրքիա 16 դեկտեմբեր 1991-ին ճանչցած է Հայաստանի անկախութիւնը: «Քաղաքակրթութեան միջազգային չափանիշներու ծիրին մէջ փոխադարձ ձեւով կրնան ուղարկուիլ շնորհաւորական ուղերձներ», յայտնած են նախարարութենէն:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ շնորհաւորական ուղերձ յղած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին` վերջինիս նախագահ վերընտրուելուն առիթով: Այդ մասին տեղեկութիւնը հրապարակած էր Կիւլի մամլոյ ծառայութիւնը:
Ազրպէյճանը Թուրքիայէն այս հարցով բացատրութիւններ պահանջած էր: Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին կապերու բաժանմունքի պետ Նովրուզ Մամետով յայտարարած էր, որ Թուրքիան պէտք է շնորհաւորութեան հարցը յստակացնէ:

