Ամերիկայի Հայ Դատի Մարմինը Պաքուի Հեղինակած Խնդրագիրներուն Հարցով Դիմած Է Միացեալ Նահանգներու Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդին
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յանձնախումբը դիմած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կից Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին` խնդրելով նախքան Պաքուի հեղինակած հակահայկական եւ հակաարցախեան խնդրագիրներուն պատասխանելը, ուսումնասիրել եւ հրապարակայնօրէն վստահեցնել, որ Սպիտակ տան «Ուի տը Փիփըլ» խնդրագրային համակարգը օտարերկրեայ համացանցային խարդախութեան փորձերէն պաշտպանուած է:
Օրեր առաջ Սպիտակ տան վերոյիշեալ կայքէջին վրայ տեղադրուած էին շարք մը հակահայկական խնդրագիրներ, որոնք, ինչպէս ի յայտ եկած է, ամէնէն անմիջական կապը ունին Ազրպէյճանի առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւայի ղեկավարած Հայտար Ալիեւի հիմնադրամին հետ: Ատիկա կը վկայէ նաեւ այն մասին, թէ ի տարբերութիւն «Ուի տը Փիփըլ»-ի վրայ տեղադրուած միւս խնդրագիրներուն, որոնց տակ կը նշուին ստորագրողներու բնակութեան վայրը, հակահայկական խնդրագիրներու պարագային հազարաւոր ստորագրողներու աշխարհագրական վայրը անյայտ է:
Նախագահ Օպամայի յատուկ օգնական Էլիզապեթ Շերվուտ Ռենտալին ուղղուած նամակին մէջ Ամերիկայի Հայ դատի մարմինի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան մասնաւորաբար գրած է. «Մեկնելով այն հանգամանքէն, որ «Ուի տը Փիփըլ»-ը Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն համար կառավարութեան հետ երկխօսութեան հարցին մէջ շատ կարեւոր հարթակ է` Սպիտակ տունը, նախքան որեւէ խնդրագիրի պատասխանելը, պէտք է հրապարակայնօրէն լուծէ համացանցային խարդախութիւններու հարցը»:
Բացի ատկէ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը անդրադարձած է 1 փետրուար 2013-ին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլայեւի ռուսերէն հարցազրոյցին, որուն ընթացքին վերջինս յայտարարած էր. «Ազրպէյճանի որեւէ քաղաքացի, անկախ իր ազգային պատկանելիութենէն, ընկերային ծագումէն, իրաւասու է իր ձայնը բարձրացնել արդարութեան վերջնական յաղթանակին համար: Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդին կողմէ կատարուող այս քայլը շատ կարեւոր միտում կը ներկայացնէ»:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան օրեր առաջ Սպիտակ տան գլխաւոր խորհրդատու Վալերի Ճարեթին ուղղուած նամակին մէջ խնդրած է յստակացնել այն հարցը, թէ միջազգային մասնակցութեան համար ինչպիսի՛ կանոններ կը գործեն:


