Րաֆֆի Յովհաննէսեան Ներկայացուց Սարգսեանի Հետ Ունեցած Իր Զրոյցին Մանրամասնութիւնները
Երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանրահաւաք, որուն ընթացքին բազմահազար ցուցարարներու ներկայութեան խօսք առնելով կուսակցութեան հիմնադիր Րաֆֆի Յովհաննէսեան ներկայացուց օր մը առաջ նախագահական նստավայրին մէջ իր եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին ծաւալած զրոյցին մանրամասնութիւնները:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մերժեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ, 18 փետրուարի նախագահական ընտրութիւններուն պաշտօնական տուեալներով երկրորդ դիրքը գրաւած թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեանի առաջարկները: Հետեւաբար Յովհաննէսեան պիտի շարունակէ հանրահաւաքային պայքարը:
Յովհաննէսեան հանրահաւաքին ընթացքին ներկայացուց Սարգսեանի հետ ունեցած իր զրոյցին մանրամասնութիւնները. «Ըսի` ընդունեցէ՛ք ժողովուրդին յաղթանակը, պատասխանը` ոչ: Ըսինք` «շամփանյը» խմելու փոխարէն նոր ընտրութիւն Հայաստանի ապագային համար, պատասխանը` ոչ: Երկրին ապագային միտուած այդ սահմանադրական ջրբաժանը յաղթահարելու համար նոյնիսկ ըսինք լաւ` պատրաստ չէք նոր ընտրութեան, ժողովուրդին յաղթանակը ընդունելու, ուրեմն վերջին խօսքը` պատժեցէ՛ք, նախ եւ առաջ, բոլոր ընտրակեղծարարները: Ուրեմն առաջինը` պատիժ բոլորին անխտիր Հայաստանի օրէնքի կիրարկումով խստագոյնս, դուք պարտաւոր էք հրապարակաւ ըսել, որ ես պիտի պատժեմ եւ այդ ապացոյցները կան: Երկրորդ` եթէ դուք պատրաստ չէք, չունիք այդ կարելիութիւնը, այդ ուժը` ժողովուրդին յաղթանակը ճանչնալ, թէկուզ կրկնակի ընտրութիւն դէմ առ դէմ ինծի հետ տալ, եթէ պատրաստ չէք, ուրեմն նուազագոյնը` մի՛ նեղուիք ինձմէ, որովհետեւ ես մինչեւ կեանքիս վերջը ձեր կողքին պիտի կանգնիմ, եւ ոչ մէկ տեղ պիտի երթամ: Բայց երրորդը, որ բոլորդ իմանաք, ըսի` լաւ, պարոն Սարգսեան, մենք կ՛անցնինք ամբողջական համամասնական ընտրակարգի եւ անմիջապէս կը կազմակերպենք խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ, որպէսզի ժողովուրդը գայ մեծամասնութեան եւ միասին խորհրդարանական պետութեան մէջ մենք կազմենք մեծամասնութիւնը եւ նոր ընտրութեամբ իշխանութիւնը վերադարձնենք ժողովուրդին: Եւ ի՞նչ էր պատասխանը ձեր կարծիքով` ոչ: Ես այլեւս ըսելիք չունիմ»:
Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ յառաջիկայ ժամանակաշրջանին ընթացքին հանդարտ պայքար պիտի տանի սահմանադրակաան ճամբով` համոզում յայտնելով, որ այդ շարժումը, ի տարբերութիւն անցեալին եղած շարժումներուն, պիտի չմարի: Ան այսօր հանրահաւաքներ պիտի նախաձեռնէ այն քաղաքներուն մէջ, ուր քուէարկողներուն մեծամասնութեան ձայներուն տիրացաւ, այսինքն` Աշտարակի, Վանաձորի եւ Գիւմրիի մէջ, իսկ կիրակի օր` Երեւանի մէջ:
Յայտնենք, որ երէկուան հանրահաւաքին խօսք առին նաեւ նախագահի թեկնածու Անդրէաս Ղուկասեան եւ Ազգային ժողովին մէջ Հայ ազգային քոնկրէսի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան:
Հանրահաւաքէն ետք Րաֆֆի Յովհաննէսեան ներկաներուն կոչ ուղղեց «Բարեւի յեղափոխութեան» տրամաբանութեամբ անցնելու Երեանի կեդրոնի փողոցներով եւ վերադառնալ Ազատութեան հրապարակ: Ժողովուրդը անոր հետ ինքնաբուխ քայլարշաւի դուրս եկաւ:

