Յառաջիկայ Հինգշաբթի, 28 Փետրուարին Ապտալլա Շեհապի Պարգեւատրում Եւ Մարզիկներու Մրցանակաբաշխութիւն

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը երէկ` ուրբաթ, 22 փետրուարին, իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ յառաջիկայ հինգշաբթի, 28 փետրուարին, ընթրիքի յատուկ երեկոյով մը, որ տեղի պիտի ունենայ «Մհաննա» ճաշարանին մէջ (Ժալ էլ Տիպ), պիտի պարգեւատրուի Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի երկար տարիներու նախագահ Ապտալլա Շեհապ:

Այս պարգեւատրումին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի հովանաւորութեամբ, պիտի կատարուի նաեւ մրցանակաբաշխութիւնը բոլոր այն մարզիկներուն եւ ակումբներուն, որոնք Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի 2-րդ ախոյեանութեան ընթացքին մրցանիշ հաստատեցին եւ կամ մետալներու տիրացան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )