«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-Ի Մէջ «Պայք Ճենըրէյշըն» Տուաւ Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս Մը
Ընթրիքի յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք), «Պայք Ճենըրէյշըն» տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ պիտի ըլլայ հովանաւորող ընկերութիւնը Աթլեթիքօ ակումբին, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի հեծելարշաւի 2013-ի ախոյեանութեան:
Այս մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վազգէն Մելիքեան, ընդհանուր քարտուղար Ապտօ Նատեր, այլ անդամներ, Աթլեթիքոյի նախագահ Ռոպեր Փաուլի, «Պայք Ճենըրէյշըն»-ի պատասխանատուներ, հովանաւորող ընկերութիւններ, մարզիկներ եւ մեծ թիւով լրագրողներ:
Խօսք առնողները շեշտեցին այն կարեւոր կէտը, որ իրենց համար առաջնահերթը այն է, որ Լիբանանի մարզիկներուն յաջողութիւնը տեղական, ասիական կամ միջազգային գետնի վրայ ըլլայ տպաւորիչ եւ պատուաբեր:
Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղուեցաւ նաեւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, որ ընդառաջեց այս հրաւէրին եւ ներկայ գտնուեցաւ մամլոյ ասուլիսին: