Ճատրակ. Ռոշֆորի Մրցաշարք. Կարէն Գրիգորեան Նահանջեց 2-րդ Դիրք
Ֆրանսական Ռոշֆոր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն նախօրեակին, այժմ պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ կրանտմասթըր Տաւիտ Ժոժուա (Վրաստան), որ իր տրամադրութեան տակ ունի առաւելագոյն 8 կէտէն 6,5 կէտ:
Միջազգային վարպետ Կարէն Գրիգորեան երէկ նահանջեց 2-րդ դիրք` ունենալով 6 կէտ:
Նոյնքան կէտ ունեցող (6) կրանտմասթըր Սամուէլ Տէր Սահակեան կը գրաւէ 4-րդ դիրքը:
Վերջին հանգրուանին Տէր Սահակեան սեւ քարերով պիտի մրցի Ժոժուայի դէմ, իսկ Գրիգորեան` Վլատ-Քրիսթիան Ժիանուի դէմ (Ռումանիա):
CATEGORIES Մարզական