Մեսսի Ճանչցուեցաւ Իբրեւ Ա. Սէ. Միլան – Պարսելոնա Մրցումին Վատագոյն Մարզիկը

Իր լուրը քաղելով սպանական «Մարքա» հանրածանօթ օրաթերթէն` «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պարսելոնայի յառաջապահ, աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստ Լիոնել Մեսսի ճանչցուած է իբրեւ Ա. Սէ. Միլան – Պարսելոնա մրցումին («Չեմփիընզ լիկ») վատագոյն մարզիկը:

Քուէարկութեան ընթացքին, որուն մասնակցած են սպանացիները, Մեսսի առաւելագոյն 10 կէտէն ապահոված է միայն կէտ մը:

Այս մրցումին Մեսսի արժանթինցի մրցակիցին բերդին ոչ իսկ մէկ հարուած մը տուած է եւ դաշտին վրայ եղած է անտեսանելի մարզիկ մը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )