Լիբանանի Ֆութպոլի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նըժմէ
Վաղը` կիրակի, 24 փետրուարին, կը սկսի Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը, երբ տեղի կ՛ունենան Ա. հանգրուանի մրցումները:
ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Նըժմէի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ահտի դաշտին վրայ:
CATEGORIES Մարզական