Կիրակի, 24 Փետրուարին Ճատրակի Մրցաշարք` Նախկին Խորհրդային Միութեան Շրջանաւարտներու Ակումբին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ակումբին, կիրակի, 24 փետրուար 2013-ին, վերոնշեալ ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը` 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկան դասակարգերուն մէջ:

Մրցաշարքը պիտի սկսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, եւ տեղի պիտի ունենան 6 հանգրուանի մրցումներ:

Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այս մրցաշարքին մասնակցիլ, իրենց անունները արձանագրելու համար պէտք է հեռաձայնեն հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 03-771795 եւ 71-107597:

Share this Article
CATEGORIES