50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 13 ՄԱՅԻՍ 1961 )

ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ՄԷՋ

ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ
ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱԺՆՈՒԵՑԱՒ ՍՐԱՀԷՆ

Ժամը 12։00 եղած էր, բայց ժողովուրդը, առանց «Սուրերու պարը» լսելու, երեք գիշեր չէր ուզեր բաժնուիլ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահէն, ուր աշխարհահռչակ երգահան Արամ Խաչատուրեան արուեստի պատարագ մատոյց` իր ճպոտի կախարդանքին տակ պահելով երաժշտասէրներու միջազգային բազմութիւնը:

Սրահը կը թնդար ծափահարութիւններու անդադրում տարափով, ու վերջապէս, «Սուրերու պարը» եկաւ փառքի պսակը հանդիսանալու նուագահանդէսի մը, որուն ընթացքին մեծանուն երգահանը զգացումներու յորձանքով մը փոթորկած էր բոլորին սրտերը:

Յայտագիրը, ամբողջովին կազմուած մեծ վարպետին գործերէն` «Համանուագային քերթուած», «Մասքարաթ», «Քոնչերթօ ան րէ մինէօր» եւ վերջապէս` հռչակաւոր «Գայեանէ»ն, զգացումներու լրիւ ստեղնաշարով մը, մերթ յուզում, վիշտ, տառապանք, մերթ ցնծութիւն, հեգնանք եւ սաթիր, մերթ պոռթկում եւ ցասում, արուեստի վերին ոլորտները բարձրացուց ունկնդիրները:

Հպարտութեամբ լեցուեցան բոլոր հայերու սրտերը` ի տես «փոքր ածու»ի այս արժանաւոր զաւկին, որ գիտցաւ միջազգային նուիրագործումի տանիլ հայկական երաժշտութիւնը, արեւելեան իր վառ գոյներով:

Վստահ ենք, որ այս գիշեր նոր յաղթանակ մը կը սպասէ մեծ վարպետին:

ՈՂՋԵՐԹԻ ՍԵՂԱՆ Ի ՊԱՏԻՒ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՆԱՉԵԱՆՆԵՐՈՒ

Բազմավաստակ երգահան Բարսեղ Կանաչեան եւ կինը յառաջիկայ երկուշաբթի կէսօրին կը մեկնին Պաղտատ` վերջնականապէս հաստատուելու համար իրաքեան մայրաքաղաքը, իրենց զաւակներուն մօտ:

Այս առիթով, Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբը, որուն անդամներէն շատեր տարիներով երգած են անուանի վարպետի խումբին` «Գուսան»ի մէջ, հինգշաբթի գիշեր, «Նասըր» ճաշարանին մէջ կազմակերպած էին ողջերթի սեղան մը, որուն շուրջ բոլորուած էին, բացի խումբին անդամներէն, նաեւ երիտասարդ մտաւորականներ եւ երաժշտասէրներ:

Շուտով ստեղծուեցաւ ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտ մը, որ առիթ տուաւ սրտաբուխ արտայայտութիւններու, որոնց առանցքը կազմեցին ընդհանրապէս հայ մշակոյթի եւ մասնաւորաբար Բարսեղ Կանաչեանի բերած անգնահատելի նպաստը այդ մշակոյթի ճոխացման, երգի ու համերգային երգահանդէսներու գծով:

Օրուան սեղանապետը`  Զ. Շանթ յաջորդաբար խօսք տուաւ Ժորժ Սարգիսեանին, Սուրէն Շանթին, տոքթ. Բաբգէն Փափազեանին, Վահէ Օշականին, Տիգրան Ոսկունիին, Արշաւիր Գարաճեանին, Շաւարշ Թորիկեանին, Յակոբ Իսկենտերեանին եւ Հրանդ Մուրատեանին, որոնք բոլորն ալ շեշտեցին հայ մշակոյթի գերահրաշ դերը հայութեան դիմագծի անաղարտ պահպանման մէջ` միաժամանակ վեր հանելով այն անփոխարինելի գործը, որ 45 տարի ամբողջ, սփիւռքի զանազան գաղութներուն` ու մասնաւորաբար Պէյրութի մէջ կատարեց Կոմիտասի արժանաւոր աշակերտը, որ իրաւամբ արժանացաւ վարպետ տիտղոսին: Բոլոր արտայայտուողներն ալ իրենց խօսքերը համեմեցին անձնական յիշատակներով, որոնք ունեցած են վարպետին հետ:

Ի վերջոյ, խօսքը տրուեցաւ Բարսեղ Կանաչեանին, որ յուզումէն դողահար շրթներով հազիւ կարողացաւ հրաժեշտի իր խօսքը տալ ներկաներուն՝ ընդգծելով, թէ ինչ որ ըրած էր, իր պարտականութիւնն էր հանդէպ այս սքանչելի ժողովուրդին, որուն ստեղծագործ հանճարին հանդէպ խոր հաւատք ունի:

Մէջընդմէջ եղան մեներգներ եւ արտասանութիւններ: Մեներգեցին` Զեփիւռ Շանթ, Արշ. Պոյաճեան, Արաքսի Ոսկունի,  Անիթա Շահապեան,  Յակոբ Իսկենտերեան եւ Դաւիթ Պոյաճեան: Արտասանեցին` Նելլի Մինասեան, Արփի Լիպարիտեան եւ Միսաք Ապաճեան:

Ի վերջոյ, վարպետն ու կինը արցունքոտ աչքերով բաժնուեցան իրենց հարազատներէն` գեղեցիկ յիշատակ մը տանելով իրենց հետ:

Share this Article
CATEGORIES