ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՐՍԱՆԻՔԷՆ ԵՏՔ. ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՏԵԼ ՈՒԻԼՆ ՈՒ ՔԷՅԹԸ
ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԱԹ ԱՌԱՋ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ԱՂՄՈՒԿԸ ՑՈՅՑ ՏՈՒԱՒ, ԹԷ ՄԵԿՈՒՍԱՑԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՛ՆՉ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԻՐ ԲԱԽՏԸ ԿԱՊԱԾ Է ԱՍՏՂԵՐՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ՀԵՏ: «ՍՓԱՅՔՏ» ԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳԻՐ ՊՐԵՆՏԱՆ Օ՛ՆԻԼ ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ԻՐԱՏԵՍ ՄՕՏԵՑՈՒՄՈՎ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՔԱ՛Ն ՁԵՒԱԿԱՆ Է, ԻՍԿ ԱՆՈՐ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԸ` ԱՆՀԵԹԵԹ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՓՈՒԼ ԵԿԱԾ Է ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՓԱՌՔԸ ԵՒ ԻՆՔՆԻՆ ԱՆՈՐՈՇ ԲԱՆԻ ՄԸ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ Է «ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»:
Այժմ, երբ խոստումները տրուած են եւ հարսանեկան հագուստը ծիծաղելի դառնալու աստիճան տարածուած է համացանցի վրայ, ժամանակն է լուսարձակի տակ առնելու Ուիլիըմ իշխանին եւ Քաթրին Միտըլթընի ամուսնութիւնը: Լոնտոնի եւ Բրիտանիոյ այլ շրջաններուն մէջ ուրբաթ օրուան խնդութիւնը չ՛ապացուցեր, թէ սովորական բրիտանացիք կը շարունակեն հմայուած մնալ թագաւորութեամբ, ինչպէս պիտի ուզէին, որ հաւատանք քաղաքական աջ թեւի երազկոտներ եւ դառնացած հանրապետականներ: Այլ «Մեծ տօնը» հաստատեց, թէ թագաւորութիւնը որքա՛ն պարպուած է իր իմաստէն, եւ թէ` ինչ տարողութեամբ իր բախտը կապած է այն քանի մը հաստատութիւններէն մէկուն, որ այսօր տակաւին քաղաքական ազդեցութիւն ունի Բրիտանիոյ մէջ. այսինքն` աստղերու մշակոյթին:
Հարսանիքը դիտող խաւերը հաւասարապէս խանդավառ էին եւ զզուած` ի տես ուրբաթ օր Բրիտանիոյ դրօշակը ճօճող մեծաթիւ մանուկներուն: Թագաւորականներուն համար ասիկա ապացոյց մըն էր, թէ բրիտանացիք տակաւին «մեծ համակրանք» ունէին իրենց թագուհիին եւ անոր ժառանգորդներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ` ամէն ինչի, զոր կը ներկայացնէին անոնք, ներառեալ` ժառանգաբար փոխանցուած առանձնաշնորհում: Թագաւորական Ուինտսըր ընտանիքէն յոգնած հանրապետական մեկնաբաններ, որոնք այս օրերուն աւելի ժողովրդականութիւն կը վայելեն, քան` թագաւորականները, «Տը Կարտիըն» եւ «Նիւ Սթէյցմեն» թերթերուն մէջ կը յայտնէին, թէ որքա՛ն օտար կը թուէր իշխանը եւ անոր հարսը ողջունող ամբոխներուն ցնծութիւնը: «Անոնք կը նմանին լուացուած ուղեղով կամ առանց օդաչուի թռչող օդանաւերու», կը գրէր մեկնաբան մը, որոնք` «կը մասնակցին կայսերական հպարտութեան հրէշային ցուցադրութեան մը», կը գրէր ուրիշ մը:
ԴՐՕՇԱԿԸ` ՎԻՐԱՒՈՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ
Շաղակրատ խաւերուն մէջ, ինչ որ խնդակցողներն ու արհամարհողները չեն յաջողիր գնահատել, այն է, թէ թագաւորական հարսանիքը ոչ թէ կայսերական, այլ աստղերու աշխարհին յատուկ իրադարձութիւն մըն էր: Եւ մարդիկ այս ձեւով հակազդեցին` ողջունելով եւ լուսանկարելով Ուիլ՛ն՛Քէյթը, ոչ թէ իբրեւ իրենց ապագայ բնական իշխանաւորները, այլ` իբրեւ անհատներ, որոնք ունին աստղերու յատուկ լուսապսակն ու հեղինակութիւնը: Ինչ որ տեղի ունեցաւ, աստղերու յատուկ իրադարձութիւն մըն էր, ոչ միայն բազմիցս լուսարձակի տակ առնուած այն պատճառով, որ Տէյվիտ Պեքհամի, Էլթըն Ճոնի եւ Թարա Ուոթսիթի նման աստղեր եկեղեցիին նստարաններուն վրայ խռնուած էին Թոնկայի թագաւորին եւ Դանիոյ թագուհիին կողքին, այլ նաեւ` այն իրողութեան, թէ բոլոր այդ դրօշակները շուայտացողներուն բաժնուած էին «Հըլօ» թերթին կողմէ: Ուրբաթ օրուան իրադարձութեան ազգայնական երանգ մը աւելցնելու պատասխանատուութիւնը իրողապէս արդիւնք էր «Հըլօ» թերթին «օգնականներու» բանակին, որ եզերած էր «թագաւորական հարսանիքին ճամբան»` զինուած հազարաւոր բրիտանական դրօշակներով, բոլորն ալ` գործարանի արտադրութիւն:
Ասիկա բոլորովին պատշաճ էր, որովհետեւ այս օրերուն նոյնիսկ բրիտանական դրօշակը իր հեղինակութիւնը կը ստանայ` առնչուելով առաւելաբար աստղերու մշակոյթին հետ, քան` «կայսերական հպարտութեան»: Ո՞վ այսօր բրիտանական դրօշակը տեսնելով չի յիշեր «Վանըթի Ֆեր» թերթին այն կողքը, որուն վրայ Լիամ Կալակըրն ու Փաթսի Քենսիթը զայն իբրեւ անկողինի վերմակ գործածած էին, կամ` Կերի Հալիուելը, որ զայն վերածած էր կարճ հագուստի: Կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակներ, երբ բրիտանական բանակներուն արգիլուած է երկրին դրօշակը ճօճել պատերազմի յաղթանակներէ ետք. «Իրաքի մէջ յաղթանակը չնշուեցաւ դրօշակներու ծածանումով կամ տուն վերադարձող զինուորներու տողանցքներով» կամ` «յաղթողապաշտութենէ հեռու` վերամբարձ որեւէ ոգիով», ինչպէս ըսած էր նախկին վարչապետ Թոնի Պլեր` 2003-ին: Այսուհանդերձ, հեգնականօրէն, այս դրօշակը կարելի՛ է վերածել հագուստի կամ բաճկոնի, որպէսզի նորելուկ աստղ մը կրէ զայն: Այսօր բրիտանական դրօշակը «մսագործի մը գոգնոցէն» աւելի` ««Սփայս կըրլզի» յատուկ կրծքակալ մըն է»:
Ուրբաթ օրուան իրադարձութիւնը հաստատեց, թէ բրիտանական դրօշակը որքա՛ն խոր մակարդակի վրայ հեռացած է Աստուծոյ, կայսրութեան եւ երկրի իտէալներէն եւ այժմ դարձած է զուտ մշակութային խորհրդանիշ մը: Ուրբաթ օր անոր ամէնուրեք վիրաւորական ներկայութիւնը փաստ մըն էր ո՛չ թէ թագաւորութեան եւ աւանդութեան նկատմամբ «հանրային խելայեղ խանդավառութեան» վերադարձին, այլ` ինքնին դրօշակին տկարութեան եւ բրիտանական հպարտութեան ու մեծութեան հզօր խորհրդանիշի մը կերպարանափոխումին` իբրեւ աստղերու յատուկ զարդեղէն կամ ծանուցումի զարդապատկեր (սովորաբար` գարեջուրի): Իսկ ինչո՞ւ «Հըլօ» թերթը կրնայ բաժնել բրիտանական դրօշակներ, եւ ամբոխներ կրնան զանոնք խելայեղօրէն ճօճել ամբողջ չորս ժամ, մինչեւ որ թափեն աղբամանին մէջ կամ աւելի հաւանօրէն` անոնք վերածուին կերպընկալէ այլ արտադրութեան մը. ճիշդ այն պատճառով, որ բրիտանական դրօշակը ապաքաղաքականացած է, օտարացած է եւ ինքնին վերնախաւը հեռացած է բրիտանական աւանդական արժէքներէն (Ս. Ճորճի դրօշակը այլ հարց է: Բրիտանական դրօշակին սրբացումը ընթացած է Ս. Ճորճի խաչը կրող դրօշակին սրբապղծումին առընթեր. ազատական վերնախաւը զայն ամբողջութեամբ զիջած է քաղաքական ծայրայեղ աջ թեւի անտաշ հետեւորդներուն եւ ֆութպոլի կոպիտ երկրպագուներուն):
«ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՄԱՀԿԱՆԱՑՈՒՆԵՐ»…
Հիւր աստղերուն, աստղերու օգնականներուն եւ աստղերու դրօշակներուն յայտնութենէն ետք, հարսանիքը վերջ գտաւ ամէնէն աւելի աստղերու մշակոյթին յատուկ վայրկեանով, երբ նորապսակները Պաքինկհամ պալատէն Քլարընս հաուս քշեցին երգիծական տիպի Ասթըն Մարթին ինքնաշարժով մը: Յայտնապէս Ուիլիըմ ներշնչուած էր իր երեւակայական հերոս Օսթին Փաուըրզէն, որուն մասին իր տպաւորութիւնները հրապարակած է անցեալին. ան գաղտնի ոստիկանի այս տիպարին «Ժակուարին» իր տարբերակով Քէյթը պտտցուց շուայտացող բազմութիւններուն առջեւէն եւ ի ցնծութիւն` լրատուամիջոցներուն: Արարքը անուղղակիօրէն կը հեգնէր աւելի կանուխ` ձիակառքով կատարուած երթը, որ ձեւով մը նախաբանն էր ցանկայարոյց ինքնաշարժով պտոյտ մը պատկերող ժապաւէններէ ներշնչուած այս շքերթին: Անշուշտ Օսթին Փաուըրզ 1960-ական տարիներու այն վճռական երիտասարդն էր, որ ինքզինք հեռու կը զգար 1990-ական տարիներէն: Կը թուէր, թէ Ուիլիըմ կ՛ուղղէր այն պատգամը, թէ ինք մշակութային տուեալները լրացնող աստղ-իշխանն է, որ ինքզինք հեռու կը զգայ ոսկեզօծ ձիակառքերէն: Կ՛արժէ նշել, թէ «Տը Թայմզ», որ Բրիտանիոյ մակարդակաւոր թերթերէն է, իր առաջին էջին համար ընտրած էր Ասթըն Մարթին ինքնաշարժին մէջ ծիծաղող նորապսակ ամոլին նկարը, որուն բացատրութիւնը կ՛ըսէր, թէ թագաւորական ընտանիքը այժմ «աւելի հաճելի է եւ աւելի կը նմանի մեզի»: Նման ակնարկութիւն մը կարելի է ակնկալել բամբասանքներու յատուկ «Հիթ» թերթէն` Քէյթի Փրայսի մասին, եւ ոչ «Տը Թայմզ» թերթէն` ապագայ թագաւորին:
Աստղերէ ներշնչուած այս վարուելակերպերուն մէջ կար պահ մը հին ոճի «կայսերական հպարտութեան», եւ անիկա ծառայեց միայն ընդգծելու բրիտանական աւանդական արժէքներուն դիմագրաւած տագնապը: Պատշգամին վրայ ամոլին համբուրուելու պահուն (ինքնին սպասելի շարունակութիւնը լրատուամիջոցներու ճամբով հռչակաւոր դարձած այն լուսանկարին, որ Չարլզ իշխանին եւ Տայանայի համբուրուելու «Ա՛յդ» պատկերն էր), կեդրոնական Լոնտոնի վերեւ թռիչք կատարեցին զինուորական օդանաւեր. Սփիթֆայր եւ Լանքասթըր ռմբաձիգ օդանաւեր: Միայն այսքա՞ն, հարց պիտի տայինք: Ասիկա շատ բան կ՛ըսէ Բրիտանիոյ քաղաքական եւ թագաւորական խաւերուն նկատմամբ դժգոհութեան մասին` ի տես բրիտանականութեան այժմու փորձառութեան եւ հասկացողութեան: Այնքան, որ այս խաւերը նախընտրած են Ուիլ՛ն՛Քէյթի պսակին օրը զմայլիլ Բ. Աշխարհամարտին կուռքի վերածուած օդանաւերու վրայ: Ասիկա մտածել կու տար, թէ 1945-էն ի վեր ոչինչ տեղի ունեցած է. ոչ մէկ զինուորական նախաձեռնութիւն կամ քաղաքական զարգացում, որ երկիրը միացուցած ըլլայ «կայսերական հպարտութեան» որեւէ զգացողութեան շուրջ: Բ. Աշխարհամարտին Բրիտանիոյ արարքները անոր զօրութեան միակ անվիճելի արտայայտութիւններն են (թէեւ նոյնիսկ այս ռազմապաշտ հանգրուանը սկսած է աստիճանաբար, սակայն հաստատօրէն, թիրախ դառնալ պատմական վերատեսութեան):
Աւանդութեամբ ցնծալէ շատ հեռու, ինչպէս նաեւ` խելայեղօրէն յուսալէ, թէ Ուիլիըմ պիտի կատարէր սերնդագործելու եւ նոր ժառանգորդներու ծնունդ տալու իր պարտականութիւնը, ուրբաթ օր «Բրիտանիոյ» շուրջ հաւաքուած բազմութիւնները Ուիլ՛ն՛Քէյթի հետ կապ մը կը զգային իբրեւ աստղեր, քան թէ` ժառանգաբար փոխանցուած առանձնաշնորհումի ներկայացուցիչներ: Վերջին 200 տարիներուն թագաւորական ընտանիքը բազմաթիւ առիթներով վերանորոգած է ինքզինք` ոգի ի բռին ցանկալով վերահաստատել իր հեղինակութիւնն ու ժողովրդականութիւնը: Մասնաւորաբար Բ. Աշխարհամարտէն ետք թագաւորութեան գերադաս եւ կայսերական պատկերը հաւասարակշռուեցաւ աւելի բարեկամական եւ գործնական երեսով մը` իբրեւ առօրեայ կեանքին մաս կազմող ընտանիք: Թագաւորական ընտանիքի մեծամիտ անդամներ կը շրջէին արեւելեան Լոնտոնի մէջ` իրենց կարեկցանքը յայտնելու համար գերմանական ռմբակոծումի զոհերուն եւ ցոյց տալու, թէ իրենք «մեզի նման էին», սակայն միաժամանակ մաս կը կազմէին թագաւորական ընտանիքին: 1960-ական տարիներուն պատկերասփիւռի վաւերական ժապաւէն մը ցոյց կու տար թագաւորական ընտանիքի անդամներ` տան մէջ հանգիստի եւ խօսակցելու պահուն, յայտնապէս` Բրիտանիոյ մէջ որեւէ այլ ընտանիքի մը պէս:
Տայանա իշխանուհիին մահէն ետք, 1997-ին լրատուամիջոցներ թագաւորական ընտանիքը սկսան ամբաստանել իբրեւ «ժամանակի ընթացքին մէջ թակարդուած արտերկրացի արարածներու»: Այնուհետեւ մեր դիմաց գտանք աւելի թափանցիկ եւ կոկուած թագաւորական ընտանիք մը: Թագուհին կրճատեց խորհրդարանին կողմէ թագաւորական ընտանիքին յատկացուած տարեկան պիւտճէն: Չարլզ իշխանը առաջին անգամ ըլլալով հրապարակեց իր հաշիւները, եւ այդ օրերուն Նոր աշխատաւորական կուսակցութեամբ ղեկավարուած կառավարութիւնը նախաձեռնեց «թագաւորական առանձնաշնորհումին վրայէն խորհրդաւորութեան քողը վերցնելու» ծրագիրի մը (առանձնաշնորհումը Բրիտանիոյ վարչապետին առիթ կու տար թագաւորութեան անունով որոշումներ կայացնելու` առանց դիմելու խորհրդարանին): Իսկ վերջերս թագաւորական ընտանիքի անդամներ սկսան մշակել աստղերու յատուկ դիմագիծ մը: Ուիլիըմ եւ Քէյթ միտումնաւոր կերպով հրապարակուած պատմութիւններով եւ բարեկամներու կողմէ գրուած յօդուածներով հիւսած են պատկեր մը, որ շատ աւելի կը յարմարի այսօրուան աստղերուն մասին որեւէ գրութեան բովանդակութեան, քան` հզօր մեծութիւն մը ղեկավարելու համար ծնած ըլլալու որեւէ գաղափարի: Անոնք սովորական են, մեզի պէս, ինչպէս կ՛ըսուի մեզի, թէեւ անշուշտ միաժամանակ կը կրեն յատուկ եւ եզակի արժանիքներ: Երկուքն ալ յաղթահարած են դժուարութիւններ եւ իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ «վերապրողներ» (Քէյթ հալածուած է դպրոցին մէջ իր դասընկերներուն կողմէ, Ուիլիըմ կորսնցուցած է իր մայրը): Անոնք նաեւ ծանօթութեան կապ մը հաստատած են իրենց «երկրպագուներուն» հետ, ժողովուրդին յղելով անձնական ոճով շնորհակալական երկտողեր` իրենց լաւ մաղթանքներուն համար, ինչպէս նաեւ շրջելով տանիքը բաց Ասթըն Մարթին ինքնաշարժով` փոխանցելու համար այն գաղափարը, թէ ընկերային կամ մշակութային պատուարներ գրեթէ չկան անոնց եւ իրենց միջեւ: Ասիկա յար եւ նման է աստղերու աստուածութեան, որ նոյնպէս կառուցուած է ձեւական ծանօթութեան վրայ. այն գաղափարին, թէ պատեր գոյութիւն չունին աստեղութեան եւ ժողովրդային մշակոյթ սպառող անձի մը միջեւ:
ԱՍՏԵՂՈՒԹԻՒՆԸ` ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ
Իսկ ամէնէն կարեւորը այն է, թէ «աստեղութիւնը» այսօր կը ներկայացնէ հեղինակութեան անվիճելի սակաւաթիւ աղբիւրներէն մէկը: «Աստղ-խոհարար», «աստղ-բժիշկ» կամ «ընտրապայքար տանող աստղ» որակումներուն մէջ կը տեսնենք, թէ «աստղ» բառը իր ամբողջ զօրութեամբ արմատախիլ ըրած է «թագաւորական» բառը` իբրեւ հեղինակութեան եւ իւրայատուկ ուժերու ճշմարիտ տարածող: Քաղաքագէտներ եւ պայքար տանող խմբաւորումներ, որոնք սուր կերպով կը զգան այսօրուան հեղինակութեան տագնապը, հանրութենէն խզուած եւ որեւէ ներգործութենէ զուրկ զգալով` աստղերու կը դիմեն իրենց քաղաքական խուսանաւումները կատարելու համար: Թոնի Պլեր յառաջ կը քշէր աստղերով փայլող «քուլ Պրիթանիա»ի գաղափարը: Կորտըն Պրաուն կը դիմէր Անճելինա Ճոլիի բարեկամութեան, Ճորճ Պուշ որդեգրած էր Պոնոն` իբրեւ Ափրիկէի իր անպաշտօն բանբերը: Քաղաքական ղեկավարներ իրենց տկարացող հեղինակութեան պատճառով բազմիցս դիմած են աստղերու օգնութեան: Իրօք, ոչ ազատական գաղափարներ կամ միջամտութեան արշաւներ աստղերու միջոցով յառաջ քշելու երեւոյթը (ինչպէս` դպրոցներու մէջ սննդարար ընթրիքներ տալու համար մղուող պայքարը, որուն թիրախը ծնողներն են, կամ` այն տպաւորութիւնը ստեղծելը, թէ Ափրիկէն կարիքը ունի փրկութեան) որեւէ ժամանակէ աւելի ներկայ է թագաւորական ընտանիքին առանձնաշնորհեալ աշխարհին մէջ: Յայտնապէս թագաւորական ընտանիքին անդամները անդրադարձած են (թերեւս` դառնութեամբ), որ ոչ թէ Աստուած կամ աւանդութիւնը հեղինակութիւն կը տարածէ այսօր, այլ` աստեղութիւնը. այսինքն` ծանօթութիւնը, հռչակը, իւրայատկութիւնը եւ այս բոլորը միախառնուած` սովորականին հետ:
Ուրբաթ օրուան իրադարձութիւնը արհամարհողները շատ աւելի հանգիստ կը զգային` մտածելով, թէ հարսանիքը ցեղային խտրականութեամբ յատկանշուած եւ կայսերապաշտ անցեալէ մը եկած ական մըն էր, որ կը պայթէր, որովհետեւ անշուշտ իրե՛նք զանգուածաբար մաս կը կազմէին աստեղային մշակոյթին, որուն վրայ, իրօք, կառուցուած էր հարսանիքը: Երբ «Նիւ Սթէյցմեն» թերթը վերջերս, իբրեւ խմբագիրի, հրաւիրեց Ճեմիմա Խանը, անիկա կը խաղար նոյն այն խաղը, զոր կը խաղար թագաւորական ընտանիքը Քէյթի հետ` յուսալով, որ վայելուչ, սիրուն եւ աստիճանաբար մշակուած Խան որոշ հեղինակութիւն ապահովէր թերթին խամրող վիճարկութիւններուն: «Տը Կարտիըն» ընդմիշտ կ՛ողջունէ Ճորճ Քլունիի, Ճէյմի Օլիվըրի, Վանեսա Ռետկրէյվի եւ այլ «լուրջ աստղերու» քաղաքական ճիգերը, զորս անոնք ի գործ կը դնեն փրկելու համար աշխատաւորական խաւերը: Ուիլ Սելֆ ինքնին աստղ-վիպագիր մըն է: Քիչ մը հեգնական կը թուի, երբ Բրիտանիոյ մէջ արհամարհական մօտեցում ցուցաբերող խաւերը կը ծաղրեն այն բրիտանացիները, որոնք ենթադրաբար մէկ կողմէ կը խոնարհին թագաւորական ընտանիքի անդամներուն դիմաց, միւս կողմէ` իրե՛նք կը զօրակցին Բրիտանիոյ դասակարգային խաւերուն բուն ղեկավարութեան, այսինքն` աստեղութեան:
Եթէ իրապէս ճշմարիտ եւ իմաստալից բախում մը գոյութիւն ունենար թագաւորականներու եւ հանրապետականներու միջեւ, մենք, «Սփայքտ» թերթով, որ անխնայ կերպով հանրապետական թերթ մըն ենք եւ Թոմըս Փէյնի յեղափոխական տիպարը կը նկատենք մեր հերոսներուն շարքին, ամուր կերպով պիտի պաշտպանէինք անոնք, որոնք կոչ կ՛ուղղեն թագաւորութեան ջնջումին` թագաւորական ընտանիքէն խլելով ամէն ինչ, որ կը շղթայէ կամ կը տկարացնէ ժողովրդային կամքը: Սակայն նման բախում գոյութիւն չունի: Պարզապէս գոյութիւն ունին թագաւորական ընտանիքին շուրջ երեւակայութիւն հիւսողներ եւ զանգուածներուն տրամադրութիւնը արհամարհողներ, որոնք ծպտուած են հանրապետականներու պէս: Այս վերջին խմբաւորումը ամէնէն աւելի վատ դուրս եկաւ հարսանիքէն: Տրամաբանական միայն մէկ ձեւով կարելի է հակազդել անոնց կրկնած այն հաստատումներուն, թէ «տգիտութեան ամպ մը» կուլ տուած է բրիտանացիները եւ զանոնք վերածած է թագաւորական ընտանիքին դիմաց մեքենականօրէն խոնարհող անձնական գործիքներու կամ «առանց օդաչուի օդանաւերու»: Պիտի ըսէինք` խնդրեմ, քիչ մը հանդարտեցէք:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ